Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ Թեհմինէ Մարտոյեանի՝ «Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Զմյուռնիոյ մէջ (1922)» վերնագրով մենագրութեան շնորհանդէսը:
Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած շնորհահանդէսին ներկայ էին նաեւ Զմիւռնիոյ մէջ 1922 թուականին Քեմալական Թուրքիոյ իրականացուցած աղէտը վերապրածներու ժառանգները:
Ցուցահանդէսին սկիզբը միջոցառման հիւրերը եւ մասնակիցները ողջունեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեանը՝ նշելով, որ ցեղասպանութեան թեմային առնչուող գիրքերուն շնորհահանդէսները, ընդհանրապէս, թանգարան-հիմնարկի գործունէութեան ամենակարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է։
«Այսօր այդ գործունէութեան գիտական արգասիքներից մէկի ցուցադրութիւնն է։ Բոլորս գիտենք, որ թանգարան-հիմնարկը երկու կարեւորագոյն ուղղութիւն ունի՝ գիտացուցադրական եւ գիտական, ինչը ենթադրում է, որ մենք զբաղւում ենք նաեւ մեր գիտական հետազօտութիւնների տպագրութիւններով, որոնք իրենց արտացոլումն են գտնում գիտական յօդուածների եւ գրքերի տեսքով»,- նշեց Գզոյեան՝ չափազանց կարեւորելով գիտական գործունէութիւնը, քանի որ այդ կ’օգնէ նաեւ խօսքը հասցնել աշխարհի տարբեր ծայրեր, ու Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած ուսումնասիրութիւնները հասանելի դարձնել աշխարհի գիտնականներուն։
Էդիտա Գզոյեանի խօսքով՝ Թեհմինէ Մարտոյեանի գիրքը, որ վերնագրուած է «Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Զմիւռնիոյ մէջ», կը կարեւորուի նաեւ այն հանգամանքով, որ ոչ միայն գիտական գործունէութեան արգասիք է, այլեւ գիտական համագործակցութեան արդիւնք՝ Երեւանի պետական համալսարանին հետ, ինչ որ եւս մէկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։
Գիրքի խմբագիր Աշոտ Հայրունի, ողջունելով շնորհահանդէսին մասնակիցները, ըսաւ, որ Զմիւռնիոյ ինչպէս 1916 թուականի, այնպէս ալ 1922 թուականներու իրադարձութիւններուն լուսաբանումը ոչ միայն գիտական նշանակութիւն ունի, այլեւ ընթերցողին կ’օգնէ ամրապնդել պատմագիտութեան, ցեղասպանագիտութեան մէջ երկար ժամանակ քննարկման առարկայ դարձած, շատ դէպքերու նաեւ շահարկուած տեսակէտերու վերաբերեալ պարզաբանումները, հիմնաւորուած հետեւողական պարզաբանումները։
«Այն, ինչ տեղի ունեցաւ Զմիւռնիայում 1922 թուականին, փաստեց, որ քեմալական վարչակարգը նոյնութեամբ շարունակում է հայերի դէմ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը։ Եթէ Քեմալը 1920 թուականի Սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յարձակուելուց յետոյ հայերի կոտորածները կարող էր փորձել քօղարկել ռազմական անվերահսկելի իրադրութիւններով, պայմաններով եւ այլն, ապա այս դէպքում տեղի ունեցաւ հայերի եւ յոյների դէմ իրականացուած մի կոտորած, երբ ռազմական որեւէ շարժառիթ չկար։ Այսինքն՝ այս յաջորդափոխութիւնը՝ ցեղասպանութեան վարչակարգից վարչակարգ առանց որեւէ փոփոխութեան, ապացուցւում է առաջին հերթին Զմիւռնիայում տեղի ունեցած իրադարձութիւններով, որոնց վերաբերեալ մենք գիտական ամբողջական լուսաբանում մինչեւ վերջերս, ցաւօք, չունէինք։ Բարեբախտաբար, մենք այսօր հաւաքուել ենք՝ շնորհաւորելու մեզ, շնորհաւորելու այս արժէքաւոր գրքի հեղինակին՝ Թեմինէ Մարտոյեանին»,- ընդգծեց Աշոտ Հայրունի՝ շեշտելով, որ Մարտոյեանի աշխատութիւնը շատ կարեւոր է պատմագիտութեան եւ ցեղասպանագիտութեան մէջ տեղ գտած այդ բացը լրացնելու տեսանկիւնէն։
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու փաստագրման եւ ուսումնասիրութեան բաժնի աւագ գիտական աշխատող, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, «Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Զմիւռնիոյ մէջ (1922)» գիրքի հեղինակ Թեհմինէ Մարտոյեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ողջունեց ցուցահանդէսին ներկայ գտնուող Զմիւռնիոյ հայ համայնքի շարաւիղները եւ միւս մասնակիցները՝ մանրամասնելով, որ գիրքին հրատարակութիւնը եւ թեմային ընտրութիւնը պատահական չէ եղած։
«Ընդհանրապէս կեանքում ոչինչ պատահական չի լինում․ իրանագիտութիւնից անցում ցեղասպանագիտութեանը տեղի ունեցաւ ընդամէնը 1 դիպուածի պատճառով կամ շնորհիւ։ Շատերն են ինձ հարցնում, թէ ինչո՞ւ, ի՞նչ կապ ունեմ, արդեօք իմ արմատներն այս հաւատաւոր քաղաքից՝ Զմիւռնիայից են։ Անկեղծ ասած, 10 եւ աւելի տարիների ընթացքում իմ ուսումնասիրութիւնները դեռ աւարտուն չեն, եւ ես ինքս էլ դեռ չեմ կարող ասել՝ ի՞նչ կապ ունեմ այս թեմայի հետ, բայց կարող եմ ասել, թէ ինչպէս եղաւ այդ կապը։ Դեռեւս 2010 թուականին առաջին անգամ գտնւում էի Յունաստանում, Աթէնքում եւ զբաղւում էի Իրանի պատմութեան հարցերով, շատ պատահականօրէն Աթէնքի մթերային խանութներից մէկում տեսայ գրքեր, բնականաբար ինձ հետաքրքրեց այդ անկիւնը եւ մօտեցայ, ուսումնասիրեցի գրքերն ու տեսայ մի գիրք, որը մի յոյն հեղինակին էր պատկանում։ Առաջին հերթին ինձ գրաւեց գրքի վերնագիրը՝ «Ազնիւը»։ Գիրքը յունարէնով էր, բայց միանգամից մտածեցի, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, այն կապ ունի նաեւ մեր ժողովրդի, մեր պատմութեան հետ եւ շատ արագ թերթեցի, կարդացի բովանդակութիւնն ու հասկացայ, որ Ազնիւը Հայոց ցեղասպանութեան վերապրող է, ականատես վերապրող է, ով պատմում է իր յուշապատումը, իր յուշագրութիւնը եւ հէնց այդ պահին, առաջին բանը, որ եկաւ մտքիս, անմիջապէս վերադառնալն էր Հայաստան եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ այցելելն էր։ Այստեղ էլ ամէն բան սկսուեց»,- պատմեց գիրքի հեղինակ Թեհմինէ Մարտոյեան։
Հեղինակին խօսքով՝ Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութիւնը կազմող դրուագ է նաեւ Զմիւռնիոյ հայերուն եւ յոյներուն պատմութիւնը։
Ան նաեւ յաւելեց, որ գիրքի շնորհահանդէսին օրը պատահական չէ ընտրուած․ «Այսօր Դեկտեմբերի 24-ն է եւ, ընդհանրապէս, Դեկտեմբերը, որպէս այդպիսին, պատահական ամիս չէ Զմիւռնիայի հայ հաւատաւոր համայնքում ու քաղաքի պատմութեան մէջ։ Զմիւռնիացի եպիսկոպոս Նիկողայոս Հայրապետը կամ Նիկողայոս Զմիւռնիացին Հայ Առաքելական եկեղեցու կողմից յիշատակւում է հէնց Դեկտեմբեր ամսին։ Զմիւռնիայում յայտնի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, որը հայերի համար կարեւոր վայր էր, որովհետեւ Զմիւռնիայի հայ համայնքը տարբերուող էր եւ հաւատաւոր ու մինչեւ վերջ էլ մնաց այդ հաւատի մէջ։ Դեկտեմբերի 24-ը Հայ Առաքելական եկեղեցին նաեւ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի յիշատակութեան օր է յայտարարել, եւ ես հասկացայ, որ շատ հետաքրքիր զուգադիպութեամբ այս օրն ընտրուեց նաեւ որպէս շնորհահանդէսի օր»,- ըսաւ Թեհմինէ Մարտոյեան։
Անոր դիտարկմամբ՝ գիրքի լոյս ընծայման առաջարկը առաջին անգամ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, Երեւանի պետական համալսարանի նախկին տնօրէն, ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու բաժանմունքի նախկին տնօրէն Արամ Սիմոնեանէն։
«Ընդհանրապէս, այս թեմայի եւ այս համայնքի ներկայացուցիչների հետ շփումը շատ բան փոխանցեց, այսինքն՝ այս աշխատանքը, կարելի է ասել, փոխանցելու եւ ստանալու մի հետաքրքիր գործընթաց էր, եւ Զմիւռնիան շատ բան տուեց ինձ՝ որպէս մարդ, որպէս անհատականութիւն։ Ամենակարեւորը, որն ուզում եմ շեշտադրել՝ թեմայով զբաղուելն է, թեմայի ուսումնասիրութիւնն առաջին հերթին զօրացրեց իմ հաւատն առ Աստուած, որովհետեւ այս համայնքի պատմութիւնը շատ հետաքրքիր թելերով է կապուած մեր ժողովրդի բնաջնջման եւ հայութեան գաղափարի հետ»,- իր ելոյթին մէջ նշեց գիրքի հեղինակ Թեհմինէ Մարտոյեանը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն մարդոց, որոնք տարբեր կերպ աջակցութիւն ցուցաբերած են գիրքի ստեղծման եւ հրատարակման համար։
Ողջոյնի խօսքերէն յետոյ ցուցադրուեցաւ Զմիւռնիոյ հայ համայնքի ժառանգներուն պատմութիւնները, անոնց հետ կատարուած հարցազրոյցները պարունակող ֆիլմը։