Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքու 15 Հայ, Ընդ Որում՝ ԼՂ Նախկին Ղեկավարները, Կը Մեղադրէ Երկրի Քրէական Օրէնսգիրքի 2.548 Դրուագով

Պաքու 15 Հայ, Ընդ Որում՝ ԼՂ Նախկին Ղեկավարները, Կը Մեղադրէ Երկրի Քրէական Օրէնսգիրքի 2.548 Դրուագով

by MassisPost

Պաքուի մէջ ապօրինաբար կալանքի տակ պահուող 15 անձ կը մեղադրուի «ռազմական յանցագործութիւններու» վերաբերեալ գործի 2.548 դրուագով: Այս մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Կը նշուի, որ խօսքը Լեռնայի Ղարաբաղի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Բակօ Սահակեանի, Ազգային Ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, արտաքին գործերու նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, զօրավարներ Լեւոն Մնացականեանի, Դաւիթ Մանուկեանի, ինչպէս նաեւ Գարիկ Մարտիրոսեանի, Մելիքսէթ Փաշայեանին, Դաւիթ Ալլահվերդեանի, Գուրգէն Ստեփանեանի, Լեւոն Բալայեանի, Մադաթ Բաբայեանի, Վասիլի Բեգլարեանի, Էրիկ Ղազարեանի մասին է:

Քրէական գործով մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատած է Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազը 2024 թուականի Դեկտեմբեր 16-ին եւ ուղարկած է Պաքուի զինուորական դատարան՝ հետագայ քննարկման համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment