ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մամուլի քարտուղար Մեթիու Միլլըր հաստատած է Ուաշինկթընի կոչը Պաքուին՝ յարգելու բանտարկեալներուն իրաւունքները։
Ճեպազրոյցին անոր հարցուցած են ատրպէյճանական բանտերուն մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական գործիչներու ճակատագրին մասին։
Աւելի վաղ ԼՂ նախկին վարչապետ, գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի իրաւունքները պաշտպանող ամերիկացի փաստաբան Ճարետ Կենսեր յայտնած էր, որ Ատրպէյճանը թոյլ չի տար անոր մուտք գործել Պաքու եւ հանդիպիլ այն անձին (Վարդանեանի) հետ, որուն ան պէտք է պաշտպանէ:
«Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի մէջ բանտարկեալներու կարգավիճակին, մենք, առանց որեւէ յստակ դէպքի անդրադառնալու, ինչպէս միշտ, հետեւողականօրէն Ատրպէյճանին կոչ կ’ընենք յարգելու երկրի տարածքին գտնուող բոլոր մարդիկը, այդ մարքին՝ բանտարկեալ մարդու իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները։ Դուք տեսած էք, թէ ինչպէս մենք գործողութիւններ կը ձեռնարկենք, երբ չենք տեսներ, որ Ատրպէյճան կը յարգէ մարդու հիմնական իրաւունքները Ատրպէյճանի մէջ, մենք կը շարունակենք վարել այդ քաղաքականութիւնը»,- ըսած է Միլլըր։
Աւելի վաղ յայտնի դարձաւ, որ Ռուբէն Վարդանեանին Ատրպէյճանի մէջ կը սպառնայ ցմահ բանտարկութիւն, անոր մօտ 45 հնարաւոր մեղադրանք առաջադրուած է: Աւելին, փաստաբաններու հասանելիութիւնը փաստաթուղթերուն սահմանափակ է, իսկ թարգմանութիւնը չի տրամադրուիր: