ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սուրիոյ մէջ (Դամասկոս) Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը վերսկսած է իր աշխատանքները, արդէն կազմակերպուած է ՀՀ քաղաքացիներու ընդունելութիւն:
«Նախատեսւում է վերսկսել նաեւ Հալէպում ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատանքները, ինչի մասին լրացուցիչ կը տեղեկացնենք», – ըսուած է ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ:
ԱԳՆ նաեւ կը յայտարարէ՝ Հայաստան ուշադիր կը հետեւի Սուրիոյ մէջ եւ անոր շուրջ զարգացումներուն ու կ’ողջունէ Աքապայի մէջ համատեղ խումբի նախարարական հանդիպման շրջանակին մէջ հրապարակուած Սուրիոյ վերաբերեալ յայտարարութիւնը:
«Մենք հաստատակամօրէն կանգնած ենք սիրիացի բարեկամ ժողովրդի կողքին այս վճռական պահին, աջակցում ենք ներառական եւ խաղաղ քաղաքական անցումային գործընթացին՝ խորապէս հաւատով, որ հանդուրժողականութիւնն ու ազգային միասնութիւնը Սիրիայում եւ ողջ տարածաշրջանում կայունութեան եւ խաղաղութեան միակ ճանապարհն են»,- ըսուած է Հայաստանի ԱԳՆ X-ի էջով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։
Սուրիոյ հարցով Արաբական խումբը Աքապա քաղաքին մէջ օրերս հանդիպում ունեցած է՝ քննարկելու Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումները: Հանդիպման մասնակցած են Պահրէյնի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Քաթարի, Թուրքիոյ, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու, Միացեալ Թագաւորութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան նախարարներ եւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնացը։
Ըստ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ հանդիպման մասնակիցները ընդգծած են, որ քաղաքական անցումային գործընթացը պէտք է ըլլայ սուրիացիներու կողմէ նախաձեռնված եւ անոնց վերահսկողութեան տակ՝ ներառական, ոչ կրօնական եւ ներկայացուցչական կառավարութիւն ստեղծելու նպատակով: Անոնք բոլոր կողմերէն պահանջած են դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ, յարգել Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը, միասնութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ընդգծած են նաեւ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան դէմ պայքարի կարեւորութիւնը։