Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պապիկեան Եւ Տըքոթինյի Քննարկած Են Պաշտպանութեան Բնագաւառին Մէջ ՀՀ-Ֆրանսա Համագործակցութեան Յառաջիկայ Ընելիքները

Պապիկեան Եւ Տըքոթինյի Քննարկած Են Պաշտպանութեան Բնագաւառին Մէջ ՀՀ-Ֆրանսա Համագործակցութեան Յառաջիկայ Ընելիքները

by MassisPost

Դեկտեմբեր 12-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:

Ինչպէս յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան օրակարգային հարցերն ու յառաջիկայ ընելիքները:

Կարծիքներ փոխանակուած են տարածաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումներուն շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment