Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արեւմտեան Ընկերութիւնները Մեծցուցած Են Զէնքի Մատակարարումները Հայաստան, Վրաստան, Ղազախիստան, Ղրղըզիստան, Ուզպեքիստան․ The Insider

Արեւմտեան Ընկերութիւնները Մեծցուցած Են Զէնքի Մատակարարումները Հայաստան, Վրաստան, Ղազախիստան, Ղրղըզիստան, Ուզպեքիստան․ The Insider

by MassisPost

Ռուսաստանը, չնայած Եւրոմիութեան արգելքին, որ սահմանուած է 2014 թուականէն, հարեւան երկիրներու միջոցով կը ստանայ արեւմտեան ընկերութիւններու արտադրութեան հազարաւոր դիպուկահար հրացաններ եւ միլիոնաւոր պարկուճներ, կը յայտնէ «The Insider»-ը՝ չեխական Investigace.cz-ի, իտալական IrpiMedia-ի եւ ղազախական Vlast.kz-ի հետ համատեղ հետաքննութեան բերումով:

Լրագրողները պարզած են, որ վերջին տարիներուն Եւրոմիութեան, ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ ընկերութիւնները մեծցուցած են զէնքի մատակարարումները Հայաստան, Վրաստան, Ղազախիստան, Ղրղըզիստան եւ Ուզպեքիստան։

«Հայաստան, Վրաստան, Ղազախիստան եւ Ղրղըզիստան արտահանումը երեք տարուայ ընթացքին աճած է երկուքուկէս անգամ՝ 2020 թուականի՝ մօտ 20 հազար հրացանափողէն հասնելով 53 հազարի՝ 2023 թուականին»,- կ’ըսուի հրապարակման մէջ։

Հետաքննութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Իտալիայէն Հայաստան դիպուկահար հրացաններու եւ այլ զէնքի արտահանումը չորս տարուայ ընթացքին աճածէ գրեթէ 30 անգամ՝ 2019-ին 68 միաւոր զէնքէն հասնելով 1862-ի՝ 2023-ին։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի մեկնաբաներ ռազմական գնումները։

Ըստ «The Insider»-ի՝ Ղրղըզիստանը 2020 եւ 2021 թուականներուն Իտալիայէն զէնք ընդհանրապէս չէ գնած, 2022 թուականին ստացած է 882 միաւոր զէնք, իսկ 2023 թուականին՝ 4 հազար 434:

Թուրքիայէն Վրաստան զէնքի արտահանումը 2019 թուականին աւելի քան 8 հազար միաւորէն 2023 թուականին հասած է գրեթէ 19 հազարի։ Բացի անկէ, «The Insider»-ը կը նշէ, որ ռուս դիպուկահարները կը շարունակեն ռուսական զէնքի փոխարէն օգտագործել արեւմտեան հրացաններ ու պարկուճներ։ Այդ կը հաստատեն նաեւ դիպուկահարներու մրցումներու տեսագրութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment