Դեկտեմբեր 10-ին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ կայացած են Հայաստան-Ֆրանսա ռազմավարական պաշտպանական խորհրդակցութիւնները՝ ՀՀ ՊՆ Պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի ու Ֆրանսայի Զինուած ուժերու նախարարութեան միջազգային համագործակցութեան եւ ռազմավարութեան գլխաւոր վարչութեան Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի ու բազմակողմ համագործակցութեան վարչութեան պետ Ալեքսանտր Էսքորսիայի գլխաւորութեամբ:
Խորհրդակցութիւններու ընթացքին ամփոփուած են համագործակցութեան շրջանակին մէջ 2024 թուականին իրականացուած աշխատանքները եւ նախանշուած են յաջորդ տարուայ ծրագրերը: Կողմերը հաստատած են վերջին շրջանին աշխոյժ համագործակցութեան ռազմավարական նշանակութիւնը եւ սահմանած են համագործակցութեան զարգացման աւելի բարձր նշաձող: Առանձնապէս կարեւորուած է համագործակցութիւնը պաշտպանական ծրագրաւորման, ռազմական կրթութեան ու վարժանքներու, խորհրդատուական աջակցութեան, տարբեր զօրատեսակներու պատրաստութեան, ռազմատեխնիկական եւ այլ ուղղութիւններով:
Ալեքսանտր Էսքորսիայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընդունած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը:
Քննարկուած են ՀՀ Զինուած ուժերու կերպափոխման գործընթացի առաջնահերթութիւնները եւ այդ ծիրին մէջ Ֆրանսայի հետ համագործակցութեան ընթացքը: Զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեան գոհունակութիւն յայտնած է համագործակցութեան ներկայիս մակարդակէն եւ յոյս յայտնած, որ այն շարունակէ զարգանալ:
Կողմերը խորհրդակցութիւններու ընթացքին կարծիքներ փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցերու շուրջ:
Խորհրդակցութիւններու բերումով ստորագրուած է Հայաստան-Ֆրանսա պաշտպանական համագործակցութեան 2025 թուականի ծրագիրը, որ կ’ընդգրկէ քանի մը տասնեակ միջոցառումներ ԶՈՒ կենսագործունէութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ: