Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «ՀՀ Սահմանադրութիւն, Տարբեր Դիրքորոշումներ»․ Պաքու Խաղաղութեան Հասնելու «Խոչընդոտները» Թուարկած Է

«ՀՀ Սահմանադրութիւն, Տարբեր Դիրքորոշումներ»․ Պաքու Խաղաղութեան Հասնելու «Խոչընդոտները» Թուարկած Է

by MassisPost

Խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար Պաքու կրկին կը շեշտէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջը։

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու փոխնախարար Էլնուր Մամետով «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման հիմնական խոչընդոտները» թեմայով միջոցառման ժամանակ նշած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար երկու հիմնական խոչընդոտ կայ, որոնցմէ մէկը Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ է։

«Երբ Ատրպէյճանը 2020 թուականին ազատագրեց իր տարածքները բռնագրաւումէն, 2021-ին Պաքուն առաջին անգամ խաղաղութեան առաջարկներ ըրաւ Հայաստանին։ Պատերազմը յաղթած երկիրը երբեք հակառակ կողմին խաղաղութեան առաջարկ չ’ըներ, բայց մենք ըրինք։ Մենք պատրաստեցինք խաղաղութեան մասին հիմնարար սկզբունքներ։ 2020-2022 թուականներուն մենք չէինք գիտեր, թէ ինչ կ’ուզէ Հայաստանը։ Յետոյ մենք համապարփակ քննարկումներ ունեցանք։ Անոնք տեղի ունեցան ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Ղազախստանի մէջ, փորձեցինք խաղաղութեան համաձայնագիր մշակել։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու երկու հիմնական խոչընդոտ կայ, մէկը Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներն են, որ արտացոլուած է նաեւ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրին մէջ։ Այնտեղ կը նշուի, որ Ղարաբաղը Հայաստանի մաս է։ Երկրորդ խոչընդոտը այն է, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները տարբեր դիրքորոշումներ ունին»,- ընդգծած է արտաքին գործերու փոխնախարարը՝ չմանրամասնելով, թէ ինչի մասին է խօսքը։

Երեւանը սահմանադրութիւնը փոխելու Պաքուի պահանջը Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտելու փորձ կ’որակէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment