Հայաստան-Թուրքիա սահմանին անցեալ ամիս տեղի ունեցած է երկու երկիրներու շարք մը գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը՝ «Ազատութեան» յայտնած է Հայաստանի բանագնաց, խորհրդարանի փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեան։ Հանդիպման վերաբերեալ, սակայն, պաշտօնական տեղեկութիւն այդ օրերուն կողմերը չեն հաղորդած:
Ռուբէն Ռուբինեան այսօր ալ շատ մանրամասնութիւններ չէ յայտնած, միայն ըսած է. «Գնահատուել են տեխնիկական կարիքները, որոնք հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն գործարկել Ախուրիկ/Աքյաքա երկաթուղու սահմանային անցակէտը: Հանդիպումն անցել է դրական եւ կառուցողական մթնոլորտում»:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեանն ու Սերտար Քըլըչը ամռան տեղի ունեցած իրենց վերջին հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուած էին համատեղ գնահատել Կիւմրի-Կարս երկաթուղիով սահմանի անցման տեխնիկական պահանջները: