Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը քննարկած է Եւրաքուէի օրինագիծը Ազգային Ժողով ուղարկելու նախաձեռնութիւնը։
Յանձնաժողովը հաստատած է Եւրաքուէի օրէնսդրական նախաձեռնութեան հարցով 52 հազար 351 ստորագրութեան վաւերականութիւնը:
Սա կը նշանակէ՝ ձայները բաւարար են, որ «ԵւրոմիութեանըՀայաստանի անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» օրէնքի նախագիծը խորհրդարանի օրակարգ մտնէ:
Հայաստանը եւրոպական ընտանիքին մօտեցնելու նախագիծը խորհրդարանը հաւանաբար գալիք տարի պիտի քննարկէ։ Եթէ Ազգային Ժողովը նախագիծը մերժէ, նախաձեռնութեան անդամները պէտք է 300 հազար ստորագրութիւն հաւաքեն, որմէ յետոյ հարցը պիտի դրուի հանրաքուէի: