Սուրիոյ մէջ Պաշշար Ասատի իշխանութեան տապալումէն յետոյ այդ երկրի հայ համայնքին համար յառաջիկային երկու կարեւորագոյն խնդիր կայ․ առաջինը այն է, որ համայնքի անվտանգութիւնը երաշխաւորուած ըլլայ, երկրորդը, որ նոր ձեւաւորուող իշխանութիւններուն կողմէ յարգուին ինչպէս հայերու կրօնական, այնպէս ալ մշակութային իրաւունքներն ու իւրայատկութիւնները։
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Հալէպի մէջ գործող հայկական «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան՝ խօսելով Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին, քաղաքացիներուն՝ այդ շարքին նաեւ հայերու շրջանին մէջ տիրող տրամադրութիւններուն, ինչպէս նաեւ սպասող իրադարձութիւններուն մասին:
«Սուրիոյ մէջ հայ համայնքին համար այժմ գոյութիւն ունի երկու կարեւորագոյն խնդիր. առաջինը՝ տեսնել, որ համայնքի անվտանգութիւնը պաշտպանուած է, եւ երկրորդը՝ համայնքին ինչպէս կրօնական, այնպէս ալ մշակութային իրաւունքներն ու իւրայատկութիւնները ըլլան յարգուած իշխանութիւններուն համար»,- նշեց Պօղիկեան:
Ան տեղեկացուց, որ Հալէպի մէջ այս պահուն իրավիճակը կայուն է եւ, ընդհանուր առմամբ, քաղաքացիներուն մօտ կը տիրէ սպասողական վիճակ, քանի որ Սուրիոյ մէջ տակաւին անցումային կառավարութիւն կը կազմուի:
«Հալէպի մէջ իրավիճակը հանդարտ է: Մարդիկ զգոյշ են, սպասողական վիճակ կը տիրէ: Այս պահի դրութեամբ հացի եւ այլ սննդամթերքի առումով տագնապ չկայ, այդուհանդերձ, հնարաւոր է՝ յառաջիկային դեղորայքի պակաս ըլլայ: Տեսնենք, թէ յառաջիկային ինչ պիտի ըլլայ»,- նշեց Պօղիկեան՝ ներկայացնելով տիրող իրավիճակը:
Անոր փոխանցմամբ՝ ամենամեծ դժուարութիւնը կապուած է երկրի տնտեսական վիճակին հետ, իսկ հայ համայնքը կը փորձէ գործակցիլ տարբեր համայնքապետերու, զանազան միութիւններու հետ, որպէսզի կարենայ օգտակար ըլլալ հայերուն:
«Յոյս ունինք, որ իշխանութեան այս փախանցման շրջանը արագ եւ կազմակերպուած ձեւով կ’ընթանայ, որպէսզի դժուարութիւններ չստեղծուին, եւ ժողովուրդը կը կարենայ աստիճանաբար իր բնականոն կեանքին վերադառնալ»,- նշեց Զարմիկ Պօղիկեան:
Անդրադառնալով երկրին մէջ հասարակ քաղաքացիներու նկատմամբ զինեալներու ցուցաբերած վերաբերմունքին՝ Պօղիկեան նկատեց, որ վերաբերմունքը առայժմ դրական է:
«Ժողովուրդին նկատմամբ վերաբերմունքը առայժմ դրական է, եւ անոնք կը խոստանան յարգել Սուրիոյ ժողովուրդին բոլոր բաղադրիչները: Անոնք կը հաւատան, որ Սուրիան՝ ժողովուրդի այս գունեղ պատկերով, միասնական ձեւով պէտք է յառաջ ընթանայ: Կը հաւատան, որ բոլորին իրաւունքները պէտք է պաշտպանուած ըլլան. առայժմ այդպէս կը յայտարարեն: Նաեւ կը խոստանան, թէ որեւէ կրօնական դժուարութիւն պէտք չէ ունենայ, բոլոր համայնքները պէտք է պահպանեն իրենց կրօնական եւ մշակութային ինքնութիւնը»,- մանրամասնեց Հալէպի մէջ լոյս տեսնող հայկական «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:
Խօսելով Հալէպի մէջ տիրող ընդհանուր տրամադրութիւններուն մասին՝ Պօղիկեան տեղեկացուց, որ արդէն այս օրերուն 30 ընտանիք անձնական ինքնաշարժներով Լաթաքիայէն վերադարձած է Հալէպ:
«Հալէպի մէջ իրավիճակը կայուն է: Լաթաքիոյ մէջ, օրինակ, նախօրէին մտահոգութիւններ կային, որոշակի անվտանգային անկայուն իրավիճակ էր, քանի որ անոնց մօտ ընդդիմութեան ներկայութեան առումով սկզբնական օրերն էին: Ինչ կը վերաբերի Դամասկոսին, ապա այնտեղ նոյնպէս առաջին օրերուն, երբ նախկին իշխանութիւնը կը տապալէր, քաղաքին մէջ կը տիրէր անկառավարելի վիճակ, սակայն երբ արդէն այսօր կապ հաստատեցի Դամասկոսի հետ, տեղեկացայ, որ իրադրութիւնը հանդարտ է, իսկ մարդիկ զուսպ կը սպասեն, որպէսզի որքան հնարաւոր է շուտ պետական համակարգի բաղադրիչները վերսկսին իրենց գործունէութիւնը»,-եզրափակեց Զարմիկ Պօղիկեան՝ ընդգծելով, որ բոլորին մօտ սպասողական վիճակ կը տիրէ, բայց այժմ իրադրութիւնը աւելի հանգիստ է, քան քանի մը օր առաջ:
Սուրիոյ հակակառավարական ուժերը Հոմս քաղաքը գրաւելէ յետոյ առանց դիմադրութեան հանդիպելու Դեկտեմբեր 8-ին գրաւած էին մայրաքաղաք Դամասկոսը։ Նախագահ Պաշշար Ասատ հեռացած էր երկրէն՝ կառավարման լիազօրութիւնները փոխանցելով վարչապետին:
Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սուրիական հակամարտութեան շարք մը մասնակիցներու հետ բանակցութիւններէ յետոյ որոշած է հրաժարական տալ եւ լքել Սուրիան՝ հրահանգելով խաղաղ ճանապարհով փոխանցել իշխանութիւնը։
Ռուսական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Ասատ եւ անոր ընտանիքի անդամները ժամանած են Մոսկուա, եւ որ Ռուսաստանը անոնց ապաստան տրամադրած է՝ մարդասիրական նկատառումներէ ելլելով: