Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ ԱՄՆ-ի Ռազմական Գերատեսչութիւնները Վերահաստատած Են Ռազմավարական Գործընկերութիւնը. Պետական Քարտուղարութիւն

Հայաստանի Եւ ԱՄՆ-ի Ռազմական Գերատեսչութիւնները Վերահաստատած Են Ռազմավարական Գործընկերութիւնը. Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ, զօրավար-մայոր Փեթ Ռայտըր պաշտօնական հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարար Լյոյտ Ճէյմզ Օսթինի հանդիպման վերաբերեալ։

Հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է․

«Այսօր ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարար Լլոյդ Ճ. Օսթին եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպման ընթացքին վերահաստատած են ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը ու Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու ընդհանուր նպատակը։

«Գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընթացիկ եւ ապագայ հարցերը, ինչպիսիք են՝ ռազմական կրթութիւնն ու արհեստավարժութիւնը, հաստատութենակապն կարողութիւններու զարգացումը եւ վերապատրաստումը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք՝ հանդիպման վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւն տարածած է նաեւ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որուն համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-ԱՄՆ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Լլոյտ Օսթին նշած է, որ ԱՄՆ կ’աջակցի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան, ինքնիշխանութեան ու բարեկեցութեան՝ ընդգծելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը կը շարունակէ ընդլայնուիլ:

Օսթին յայտնած է ԱՄՆ-ի պատրաստակամութիւնը՝ ՀՀ Զինուած ուժերու բարեփոխումներուն աջակցութիւնը շարունակելու հարցով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment