Հայաստանը այս պահուն Ատրպէյճանի դէմ ներկայացուցած հայցերը միջազգային դատական ատեաններէն ետ կանչելու որոշում չունի։
Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսաւ ՀՀ միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը՝ անդրադառնալով հարցումին, թէ ի՞նչ դիրքորոշում ունի ան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այն յայտարարութեան վերաբերեալ, որ ինչ-որ փուլի փոխադարձ հայցերու ետկանչի հարց կրնայ քննարկուիլ։
«Չեմ ուզում արտայայտել իմ դիրքորոշումը, որովհետեւ կը ստացուի, որ կը մեկնաբանեմ։ Ճիշդ կը լինի այս պահի դրութեամբ զերծ մնալ մեկնաբանութիւններից։ Այս պահին նման հարց չկայ դրուած։ Շարունակւում է մեր հայցերի քննութիւնը, շարունակւում են ընթացակարգային քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են հայցերի քննութիւնն ապահովելու համար»,- նշեց Կիրակոսեան։
Ան յաւելեց, որ այս պահուն Ատրպէյճանը Հայաստանին առնչուող հայցեր ունի երկու միջազգային ատեաններու մէջ՝ ՄԻԵԴ-ի եւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին մէջ, ինչպէս նաեւ կայ իրաւարարութեան գործընթաց։
«Այս պահի դրութեամբ Ատրպէյճանի կողմից ներկայացուած նոր հայց չկայ»,- եզրափակեց Կիրակոսեան։