Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանի Նախագահը Շփոթութեան Մէջ

Ռուսաստանի Նախագահը Շփոթութեան Մէջ

by MassisPost

Անցեալ շաբաթ Աստանայի մէջ կայացած Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ղեկավարներու ժողովի ընթացքին, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին լրագրողներու հարցերուն պատասխանելով ըսած է, թէ ՀԱՊԿ-ը պէտք չէ մտներ ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ, քանի որ անոր ընթացքին Հայաստանը արտաքին յարձակման չէ ենթարկուած: «ՀԱՊԿ-ը անոր հետ կապ չունի, քանի որ արտաքին յարձակումը նոյնինքն Հայաստանի դէմ չէ եղած, իսկ ՀԱՊԿ-ը կոչուած է անդամ երկիրները արտաքին յարձակումէ պաշտպանելու»:

Հայաստան չէր մասնակցած ՀԱՊԿ-ի այս հերթական ժողովին, նկատի ունենալով, որ Երեւան սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը Կազմակերպութեան, մեղադրելով զայն Հայաստանի նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները չկատարելու մէջ: 2022-ի Սեպտեմբերին, Ատրպէյճան լայնածաւալ յարձակում գործեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս` բռնի ուժով հասնելու համար «Զանգեզուրի Միջանցքի» իր նպատակին: Այս առիթով էր որ, Հայաստան ՀԱՊԿ-ի կանոնագրութեան համաձայն դիմեց Կազմակերպութեան, որպէսզի օգնութիւն ցուցաբերէ արտաքին յարձակման ենթարկուող իր անդամ երկրին: Այդ տեղի չունեցաւ ու թէեւ Ատրպէյճան չկարողացաւ հասնիլ իր բուն նպատակին, սակայն կարողացաւ գրաւել բաւական տարածութիւն Հայաստանի սահմաններէն ներս, ուր կը գտնուի միջեւ օրս:

Մոսկուայի կողմէ ղեկավարուող ՀԱՊԿ-ն ժամանակին իր թերացումը փորձեց արդարացնել, ըսելով թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը չէ սահմանագծուած ու յստակեցուած, հակառակ որ, տարբեր առիթներով Ռուսաստան կը յայտարարէ, որ այդ սահմանի քարտէսները իրենց մօտ են:

Զարմանալի է, որ Ռուսաստանի նախագահը մոռնալով իրենց նախկին պատճառաբանութիւնները հանդէս կու գայ նոր մեկնաբանութեամբ մը, որ շատ հեռու է իրականութենէն: Ո’չ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ ոչ ալ Ղարաբաղի շուրջ տեղի ունեցող տարբեր զարգացումներու ընթացքին Հայաստան չէ դիմած ՀԱՊԿ-ի օգնութեան:

Այն օրէն ասդին, երբ Երեւան դադրեցուց իր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն, Ռուսաստանի քաղաքական շրջանակները չեն կարողանար հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ Հայաստանը կ’ընդունի իր երկրի շահերն ու արժանապատուութիւնը գերադասող որոշումներ, որոնց շարքին` սպառազինութեան այլ աղբիւրներու ապահովումը:

Ռուսաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները մերթ կը փորձեն համոզել եւ երբեմն ալ կը զգուշացնեն, որ Երեւանի այս քայլը չի համընկնիր Հայաստանի շահերուն հետ: Իսկութեան մէջ սակայն, ՀԱՊԿ-ի հետ իր յարաբերութիւնները սառեցնելով Հայաստան կը կարողանայ աւելի ազատօրէն զարգացնել իր ռազմական գետնի վրայ յարաբերութիւններ արեւմտեան երկիրներու հետ` ձեռք ձգելով աւելի արդիական զինատեսակներ:

Փութինի իրականութեան հետ կապ չունեցող այս վերջին յայտարարութիւնը առիթ կու տայ ենթադրելու թէ ան իսկապէս շփոթութեան մէջ է եւ կամ ալ կ’ուզէ շփոթութեան մատնել իր ներքին կամ ՀԱՊԿ-ի անդամ այլ երկիրներու հանրային կարծիքը: Երկու պարագային ալ Ռուսաստանի վարկը նոր անկում կ’արձանագրէ Հայութեան մօտ, որ ոչ հեռու անցեալին այդ երկիրը կը նկատէր իր ռազմավարական դաշնակիցը:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment