Ատրպէյճանի իշխանութիւններու անմիջական հովանաւորութեամբ գործող «Արեւմտեան Ատրպէյճան» համայնքը Դեկտեմբեր 5-ին Պաքուի մէջ կազմակերպած է հակահայկական հերթական համաժողովը, որուն կը մասնակցին Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած աւելի քան 25 դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ, 100-էն աւելի ներկայացուցիչներ տարբեր երկիրներէ, ընդ որում՝ Թուրքիայէն, ԱՄՆ-էն, Մեծն Բրիտանիայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Պելճիքայէն, Ֆրանսայէն։ Հիւրերու շարքին է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախկին նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն։ Այս մասին կ’ըսուի «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամի յօդուածին մէջ։
Հրապարակման մէջ նաեւ կը նշուի. «Համաժողովի ընթացքին ռազմատենչ եւ տարածքային պահանջներ ներկայացնող յայտարարութեամբ ելոյթ ունեցած է նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը կրկին անուանելով «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։ Իր խօսքին մէջ Ալիեւ նշած է, թէ «Հայաստանի մէջ ապրող ատրպէյճանցիները ենթարկուած են ցեղային զտումներու եւ աստիճանաբար բռնի կերպով վտարուած են իրենց պատմական հայրենիքէն», եւ որ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» համայնքի գործունէութիւնը միայն կ’ենթադրէ «ապահովել տեղահանուած ատրպէյճանցիներու վերադարձը իրենց պապենական հողերը՝ խաղաղ եւ ապահով պայմաններու մէջ»։
Ըստ Ատրպէյճանի նախագահին՝ Հայաստանի տարածքին ատրպէյճանական պատմամշակութային յուշարձաններէն պահպանուած է միայն Կապոյտ մզկիթը, որուն նախնական պատմաճարտարապետական ոճը, իբրեւ թէ, Հայաստանը միտումնաւոր փոխած է։ Ատրպէյճանի նախագահը, հաւանաբար, նկատի ունի հայկական կողմի փաստարկուած յօդուածները, որոնք կ’ապացուցեն մզկիթին իրանեան ըլլալը։
«Գեղարդ» հիմնադրամը օրերս անդրադարձած էր նաեւ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» մտացածին խօսոյթին՝ ներկայացնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը Ատրպէյճանի կողմէ «պատմական հայրենիք» անուանելը, իսկ երկրի վարչատարածքային միաւորներուն կեղծ անվանումներ տալը, ակնյայտօրէն, որեւէ աղերս չունին պատմական իրականութեան հետ, եւ ոչ այլ ինչ են, քան տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիք»։