Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ-ն Համաձայնութիւն Տուած Է Պլինքընի Միջնորդութեամբ Միրզոյեան-Պայրամով Հանդիպման, Ատրպէյճանը Զայն Մերժած Է

ՀՀ-ն Համաձայնութիւն Տուած Է Պլինքընի Միջնորդութեամբ Միրզոյեան-Պայրամով Հանդիպման, Ատրպէյճանը Զայն Մերժած Է

by MassisPost

Հայկական կողմը համաձայնութիւն տուած է Մալթայի մէջ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի՝ Պլինքընի միջնորդութեամբ հանդիպման:

«Հայկական Ժամանակ»-ի հետ զրոյցին այս մասին յայտնած են ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութենէն:

Մինչդեռ Ատրպէյճանը մերժած է հանդիպում կազմակերպելու ԱՄՆ միջնորդութիւնը։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հանդէս եկած է ԵԱՀԿ Արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի շրջանակներուն մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպում կայացնելու նախաձեռնութեամբ, նաեւ՝ պնդած հանդիպման միջնորդութիւնը։

«Ատրպէյճանը չի փափաքիր ԱՄՆ-ի մասնակցութիւնը խաղաղութեան օրակարգին, այդ նպատակայարմար չի համարեր»,- յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ յղում ընելով իրենց դիւանագիտական աղբիւրներուն։վ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment