Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) Հայաստանի դուրս գալու վերաբերեալ փաստաթուղթեր չեն ստացուած, Մալթայի մէջ լրագրողներուն ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ մեկնաբանելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանը արդէն իրեն ՀԱՊԿ-էն դուրս կը համարէ, եւ որ յարաբերութիւնները ՀԱՊԿ-ի հետ հատած են անդառնալիութեան կէտը։
«Նման փաստաթուղթ չէ ստացուած։ Մենք լսած ենք այդ քննարկումները, եւ Հայաստանի վարչապետը խորհրդարանին մէջ լայնօրէն խօսած է այդ թեմային շուրջ։ Մենք ոեւէ մէկին որեւէ բապ չենք պարտադրեր։ Մենք համոզուած ենք, որ Հայաստանի անվտանգութեան շահերէն կը բխի ամբողջութեամբ օգտագործել իր անդամակցութիւնը», – յայտնած է Լաւրով։