Սահմանադրութեան նոր հայեցակարգի ուղղութեամբ բովանդակային քայլեր կատարուած են, բայց գործընթացը ինչ-ինչ պատճառներով դանդաղած է:
Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնեց արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան։
Ան յոյս յայտնեց, որ մօտ ապագային պիտի կարենան նոր թափ հաղորդել այդ բարեփոխումներուն:
«Չենք խախտի յանձնարարականի պահանջը, եւ նոր Սահմանադրութեան նախագիծ կ’ունենանք սահմանուած ժամկէտում։ Մեր նպատակը Սահմանադրութեան նոր նախագիծ ունենալն է, եւ մենք պէտք է առաջ շարժուենք այդ ուղղութեամբ, իսկ մեխանիզմի հետ կապուած դեռեւս յստակութիւն չկայ, թէ ինչ ուղղութեամբ պէտք է տարուեն աշխատանքները։ Հասկացութեան առումով այս պահին նախարարութիւնում ունենք ներքին քննարկում, եւ դրանք աւարտելուց յետոյ նաեւ հարցի վերաբերեալ կարծիք կը լսենք քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչների, յետոյ կը սկսենք ավելի արագ իրականացնել նոր նախագծի մշակման աշխատանքները»,- ըսաւ ան: