«Քեզ համար, Հայաստան» խորագրի ներքոյ Նոյեմբեր 28-ին տեղի ունեցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 27-րդ հեռուստամարաթոնը, որուն ընթացքին այս պահի դրութեամբ հաւաքագրուած է շուրջ 15,302,500 միլիոն ԱՄՆ տոլար:
Հիմնադրամէն կը յայտնեն, որ դրամահաւաք-միջոցառումները դեռ կը շարունակուին, իսկ վերջնական արդիւնքները պիտի ամփոփուին տարեվերջին:
«Հեռուստամարաթոն 2024» դրամահաւաքի արդիւնքները ըստ երկիրներու.
Հայաստան՝ $1,218,185
ԱՄՆ՝ $7,700,717
Ֆրանսա՝ $3,430,000
Թորոնթօ (Գանատա)՝ $1,052,000
Գերմանիա՝ $133,000
Հոլանտա՝ $50,000
Արժանթինի եւ Պրազիլի համատեղ դրամահաւաք՝ $47,529
Մեծն Բրիտանիա՝ $40,000
Արժանթին՝ $39,000 (յաւելեալ հանգանակութիւններ)
Աւստրալիա՝ $20,000
Ռումանիա՝ $1,995
Անանուն նուիրատուներ տարբեր երկիրներէ՝ $1,570,000
«Քեզ համար, Հայաստան» խորագրով Հեռուստամարաթոն 2024-ի դրամական միջոցները պիտի ուղղուին շարք մը ռազմավարական ծրագրերու իրականացման՝
- սահմանային համայնքներու խմելու եւ ոռոգման ջուրի համակարգերու վերակառուցման ու կառուցման,
- համայնքային բժշկական նոր կեդրոնի կառուցման,
- սահմանային համայնքներուն մէջ գտնուող դպրոցներու, մանկապարտէզներու, համայնքային կեդրոններու մէջ արեւային կայաններու տեղադրման,
- սահմանային համայնքներու ընկերային գետնի վրայ անապահով ընտանիքներու տուներուն մէջ արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրման,
- բռնի տեղահանուած արցախցի կանանց առեւտրային կարողութիւններու հզօրացման,
- մշակութային եւ ստեղծարար նախաձեռնութիւններու աջակցութեան։
Բացի վերոնշեալէն, 2025-2026 թուականներու ընթացքին պիտի իրականացուին «Հեռուստամարաթոն-2024»-ին առաջադրուած երկու լայնամասշտաբ նախագիծերը, անոնք են՝
- բնակելի աւանի կառուցում յենաշարժողական խնդիրներ ունեցող պատերազմի վեթերաններու եւ անոնց ընտանիքներուն համար Կոտայքի մարզի Բալահովիտ համայնքին մէջ՝ «Զինուորի տուն» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան հետ համատեղ:
Արցախի մշակութային ժառանգութեան կեդրոնի եւ արցախցի գորգագործներու ընտանիքներուն համար բնակելի աւանի կառուցում Կիւմրիի մէջ: