Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ռումանիոյ Հայոց Միութիւնը Կրկին Կը Յաղթահարէ Ընտրական Շեմը Եւ Մանտաթ Կը Ստանայ Երկրի Խորհրդարանին Մէջ

Ռումանիոյ Հայոց Միութիւնը Կրկին Կը Յաղթահարէ Ընտրական Շեմը Եւ Մանտաթ Կը Ստանայ Երկրի Խորհրդարանին Մէջ

by MassisPost

Ռումանիոյ մէջ 2024թ. Դեկտեմբեր 1-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ռումանիոյ Հայոց Միութիւնը (ՌՀՄ), ըստ նախնական արդիւնքներու, ստացած է 4748 քուէ եւ յաղթահարած է ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացնող կազմակերպութիւններու համար օրէնքով նախատեսուած ընտրական շեմը։

Ընտրութիւններու արդիւնքով, նորընտիր խորհրդարանին մէջ ՌՀՄ-ն պիտի ունենայ մէկ մանտաթ, որ պիտի տրուի ցուցակը գլխաւորող Վարուժան Փամբուկչեանին։ Վերջինս ՌՀՄ փոխնախագահն է, կազմակերպութեան անփոփոխ պատգամաւորն է 1996 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններէն սկսեալ եւ արդէն ութերորդ անգամ պիտի ներկայացնէ ռումանահայ համայնքը երկրի խորհրդարանին մէջ։

Յատկանշական է, որ քուէներուն զգալի մէկ մասը ՌՀՄ-ն կը ստանայ ոչ-հայերու կողմէ. չնայած համայնքը բազմադարեայ պատմութիւն ունի․ հայկական ինքնութիւն կրող հայերուն թիւը բաւականին փոքր է, իսկ Փամբուկչեանը, բացի համայնքին վերաբերող հարցերէ, կը շարունակէ զբաղիլ շարք մը կարեւոր օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով։ Անոր արդիւնքով նախորդ ընտրութիւններուն ՌՀՄ-ն բազմաթիւ քուէներ ստացած է բարձրագոյն արհեստագիտութիւններու (IT), իսկ այս ընտրութիւններուն՝ գիւղատնտեսական ոլորտներու ներկայացուցիչներու կողմէ։

Ռումանիոյ Հայոց Միութեան քուէարկած են Ռումանիոյ բոլոր մարզերուն մէջ։ Ամենաշատ քուէները ՌՀՄ-ն ստացած է հետեւեալ մարզերու մէջ. Պաքըու (419), մայրաքաղաք Պուխարեսթ (398), Քոնսթանցա (189), Թիմիշ (180), Եարկիթա (174), Մարամուրեշ (172), Սուչավա (162)։

Ինչ կը վերաբերի ռումանական քաղաքական ուժերուն, ըստ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն՝ որեւէ քաղաքական ուժ չէ յաջողած ստանալ քուէներու նոյնիսկ 25 տոկոսը, ինչի արդիւնքով խորհրդարանի երկու պալատներ պիտի անցնին եօթը քաղաքական ուժեր։

Վարուժան Փամբուկչեանը 1996 թուականէն կը գլխաւորէ Ազգային փոքրամասնութիւններու խորհրդարանական խմբակցութիւնը, ինչ որ աննախադէպ երեւոյթ է Ռումանիոյ խորհրդարանական պատմութեան մէջ։ Աւանդաբար, ան կամ կը գլխաւորէ խորհրդարանի Ռումանիա-Հայաստան բարեկամական խումբը, կամ կ’անդամակցի անոր։

Արսէն Արզումանեան
«Արարատ» ամսագիր, Պուխարեսթ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment