Սուրիոյ մէջ իսլամիստական զինուած խմբաւորումները մտած են կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող Հալէպ քաղաք եւ գրաւած են անոր մեծ մասը։
Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտորդական խումբը տեղեկացուցած է, որ իսլամական «Հայաթ Թահրիր ալ-շամ» ռազմաքաղաքական կազմակերպութեան ղեկավարութեամբ գործող զինեաները գրեթէ դիմադրութեան չեն հանդիպած քաղաք մտնելու ատեն։
Զինեալ խմբաւորումները բնակչութեան կոչ ըրած են չհեռանալու Հալէպէն, նշելով որ անոնց վտանգ չի սպառնար։
Միացեալ Նահանգները «Հայաթ Թահրիր ալ-շամ»-ը ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչցած է։
Հալէպահայերը տարհանելը «այս պահուն անհնար է».
Տարբեր գնահատականներով՝ Հալէպի մէջ 10 հազարէ աւելի հայ կայ, ստոյգ տուեալներ, սակայն, չկան։ Արդեօ՞ք Երեւանը կը դիտարկէ հալեպահայերը տարհանելու եւ Հայաստան տեղափոխելու տարբերակը, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն կ’ըսեն, թէ այս պահին անհնար է։
«Այս պահին Հալէպ մուտքի հնարաւորութիւն կառավարական ուժերն անգամ չունեն, այս պահին տարհանման հնարաւորութիւնը գրեթէ բացակայում է, բայց եթէ դեսպանութիւնն ու կառավարութիւնը եւ Սիրայի կառավարութիւնը կարողանան ինչ-որ պահի դրա հնարաւորութիւնը տեսնել, ես կարծում եմ, որ դրա հնարաւորութիւնը միշտ էլ քննարկւում է»,- ըսաւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Ալեքսանեանը: Անոր խօսքով՝ այս պահին միայն դեռ տեղեկատուութիւն կը հաւաքեն Հալէպի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին։
Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը Դամասկոսի մէջ կը գտնուի, Հալէպի մէջ հիւպատոսութիւնն է, բայց գլխաւոր հիւպատոսը արդէն քանի օր է՝ քաղաքին մէջ չէ։ Երեւանէն կը յայտնեն, թէ նորանշանակ հիւպատոս Արա Աւետիսեանը Սուրիոյ Արտաքին գործերու նախարարութենէն լիազօրագրերը ստանալու նպատակով Նոյեմբեր 26-ին՝ բախումներէն առաջ մեկնած է Դամասկոս ու չէ կրցած վերադառնալ Հալէպ. ան աշխատանքը կը շարունակէ մայրաքաղաքէն։
Իսկ դիպուկահարի արձակած կրակոցէ զոհուած է Երուանդ Արսլանեանը, Հալէպէն դուրս գալու ճանապարհին: