Հայերը կը փորձեն ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ՝ Ղարաբաղ վերադառնալու հարցով։
Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի ներկայացուցիչ, նախապէս նախագահի թեկնածու Ֆազիլ Մուսթաֆա՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» ատրպէյճանցիներու «անվտանգ եւ արժանապատիւ» վերադարձին նուիրուած լսումներու ժամանակ։
Ան յայտնած է, որ եթէ հայկական պահանջները բաւարարուին, այդ պէտք է տեղի ունենայ փոխադարձ պայմաններով։
«Եթէ մէկ հայ վերադառնայ Ղարաբաղ, ապա մէկ ատրպէյճանցի պէտք է վերադառնայ Արեւմտեան Ատրպէյճան։ Եթէ հազար հայ վերադառնայ Ղարաբաղ, ապա հազար ատրպէյճանցի պէտք է վերադառնայ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։ Այս այլընտրանքային պայմանները պէտք է բարձրացուին միջազգային հարթակներու վրայ»,- ըսած է Մուսթաֆան։