Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գեղամ Նազարեան Սխալ Կը Համարէ 44-Օրեայ Պատերազմին Համար Մէկ Պատասխանատու Կամ Մեղաւոր Մատնանշելը

Գեղամ Նազարեան Սխալ Կը Համարէ 44-Օրեայ Պատերազմին Համար Մէկ Պատասխանատու Կամ Մեղաւոր Մատնանշելը

by MassisPost

Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Նազարեան լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձաւ 44-օրեայ պատերազմի պատասխանատուներու եւ մեղաւորներու հարցին՝ ընդգծելով, որ մէկ պատասխանատու եւ մեղաւոր մատնանշելը սխալ մօտեցում է։

Նազարեան յայտնեց, որ, չնայած պատերազմի պատասխանատուութեան զգալի մասը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կը վերագրէ, կայ աւելի լայն պատկեր, որ պէտք է հաշուի առնել։ «Ի հարկէ, Նիկոլ Փաշինեանը շատ մեծ մեղաւորութիւն ունի, բայց դա չի նշանակում, որ ինքը մենակ է եղել։ Ես դա հասկացել եմ երկար ուսումնասիրութիւններից յետոյ»,- ըսաւ Նազարեան՝ նշելով, որ այդ մասին որոշ պահի հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ։

Պատասխանելով հարցումին, թէ ինչո՞ւ հիմա չի ներկայացներ իր գնահատականները պատերազմի վերաբերեալ, Նազարեան ընդգծեց, որ այսօր այդ քայլը անիմաստ է ։«Բայց ես այդ մասին խօսելու եմ այն պահին, երբ զգամ, որ իմ խօսելն այս երկրին մի գրամ օգուտ կու տայ»,- յաւելեց Նազարեան։ Ան նաեւ նկատեց, որ իր յայտարարութիւնը հեշտութեամբ կրնայ կեղծ մեկնաբանութիւններու եւ շահարկումներու ենթարկուիլ։ «Ես ո՛չ լրատուամիջոցներ ունեմ, ո՛չ եութուպեան կեղծ ալիքներ, որ դնեմ այդ կեղծիքների դէմ պայքարեմ։ Ես դա ասելու եմ մի անգամ եւ այն պահին, երբ զգամ, որ դա մեր ազգի ու պետութեան համար ճիշդ է»,- աւելցուց պատգամաւորը։

Գեղամ Նազարեան շեշտեց, որ Հայաստանի պատմութիւնն ու մշակութային մօտեցումները յաճախ յանգեցուցած են սխալ ընկալումներու։ «Մեզ բերել հասցրել են նրան, որ մի հոգի կարող է որոշել ազգի ճակատագիրը, բա մնացածը ին՞չ էին անում»,- եզրափակեց ան։

Գեղամ Նազարեան աւելի վաղ յայտնած էր ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութենէն դուրս գալու եւ գործունէութիւնը որպէս անկախ պատգամաւոր շարունակելու մասին։ Ընդդիմադիր խմբակցութեան շարքերուն մէջ դժգոհութիւն յառաջացուցած էր Գեղամ Նազարեանի այն յայտարարութիւնը, թէ ընդդիմութեան օրակարգին վրայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռացնելու հարց չկայ։ Խմբակցութեան մէջ քննարկումներու բերումով որոշում կայացուած էր, որ Գեղամ Նազարեանը լքէ խմբակցութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment