Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ Պատուիրակութիւնը Իտալիոյ Մէջ Քննարկած Է Պաշտպանութեան Բնագաւառին Մէջ Համագործակցութեան Հարցեր

ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ Պատուիրակութիւնը Իտալիոյ Մէջ Քննարկած Է Պաշտպանութեան Բնագաւառին Մէջ Համագործակցութեան Հարցեր

by MassisPost

ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ, զօրավար-մայոր Կարէն Գրիգորեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Իտալիա, մասնակցած է պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Իտալիա 2024-ի համագործակցութեան ծրագրի (ITA4) միջոցառման:

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը այցի ստոյգ օրը չի նշեր, միայն կը տեղեկացնէ, որ Իտալիոյ զինուած ուժերու ճարտարապետական զօրամիաւորումի հրամանատար Տելլօ Մոնաքոյի եւ զօրամիաւորման շարք մը պաշտօնեաներու հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ինչպէս ԵՄ եւ ՆԱԹՕ-ի շրջանակին մէջ, այնպէս ալ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման ու խորացման հարցեր։

Մարտին Հռոմի մէջ տեղի ունեցան Հայաստան-Իտալիա պաշտպանական խորհրդակցութիւններ, ստորագրուաւ Հայաստան-Իտալիա ռազմական համագործակցութեան տարեկան ծրագիրը։

Պաքու եւ Հռոմ 2023-ի ամռան յայտարարեցին, որ իտալական արտադրութեան ռազմափոխադրական օդանաւերու ձեռքբերման պայմանաւորուածութիւն ունեցած են։ Այս տարուայ Յուլիսին Հռոմը «C-27J» Spartan օդանաւը փոխանցեց Պաքուին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment