Հելսինքիի մէջ Նոյեմբեր 28-ին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթուպի հետ։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Ֆինլանտայի միջեւ համագործակցութեան խորացման հնարաւոր ուղղութիւնները։ Ընդգծուած է, որ երկկողմ քաղաքական երկխօսութեան ամրապնդման հարցոէ էական դեր կը կատարեն ժողովրդավարական արժէքներու նկատմամբ ամուր յարգանքը, զարգացման մեծ ներուժ ունեցող ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան աշխուժացման հարցով փոխադարձ շահագրգռուածութիւնը, ինչպէս նաեւ ԵՄ-ի հետ Հայաստանի ընդլայնուող կապերը։
Հանգամանալից անդրադարձ կատարուած է ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան յաւակնոտ օրակարգի հիմնական բաղադրիչներուն։
Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը եւ Ֆինլանտայի նախագահը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։
ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումը, ՀՀ քաղաքացիներուն համար աւելի անվտանգ միջավայրի ապահովումը Հայաստանի արտաքին քաղաքական հիմնական առաջնահերթութիւններէն մէկն է։ Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ ի հեճուկս առկայ մարտահրաւէրներուն, ՀՀ կառավարութիւնը գործուն ջանքեր կը գործադրէ այդ ուղղութեամբ։ Արարատ Միրզոյեան շեշտած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հարցով Հայաստանի կողմէ ցուցաբերուած ամուր քաղաքական կամքը եւ ներկայացուցած է գործընթացին վերջին զարգացումները։