Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Կառավարութիւնը Ընդունեց ՀՀ Օրհներգը Խմբագրելու ԱԺ Իշխող Խմբակցութեան Նախաձեռնութիւնը

ՀՀ Կառավարութիւնը Ընդունեց ՀՀ Օրհներգը Խմբագրելու ԱԺ Իշխող Խմբակցութեան Նախաձեռնութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի պետական օրհներգը խմբագրելու Ազգային Ժողովի նախագահին եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներուն նախաձեռնութիւնը կառավարութիւնը այսօր ընդունեց:

Անոնք առաջարկած էին «կարգաւորել ՀՀ օրհներգի, ինչպէս նաեւ օրհներգի կատարման հետ կապուած որոշ յարաբերութիւններ»:

Կը նախատեսուի օրհներգի երկրորդ եւ չորրորդ քառատողերը տեղափոխել ու այն եզրափակել այս նախադասութեամբ՝ «Նայիր նրան երեք գոյնով, նուիրական մէկ նշան, թող փողփողի թշնամու դէմ, թող միշտ պանծա Հայաստան»:

«Հիմնի աշխուժութիւն ստեղծելու նպատակով նախատեսւում է փոփոխութիւն կատարել օրհներգի բնագրում՝ այն վերադասաւորելով պետական քաղաքականութեան տրամաբանութեամբ՝ արժեւորելով պետութիւնը, ազատութեան փիլիսոփայութիւնը, Հայաստանի դրօշն ու պետականութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացուն՝ փոխելով յաջորդականութիւնը»,- ըսաւ ՀՀ մշակոյթի, մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեանը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ նշեց, որ ինք անձամբ մասնակցած է «այս նախագիծի ձեւաւորման քաղաքական մասին»՝ շեշտելով, որ սա շատ կարեւոր օրէնսդրական նախագիծ կը համարէ:

«Մենք որեւէ միջոցառման կազմակերպման ընթացքում, օրինակ, գինուն, ջրին, պասթուրմային, սուճուխին աւելի մեծ նշանակութիւն եւ ուշադրութիւն ենք հրաւիրում, քան օրհներգին, որովհետեւ Եութիւպում հազար հատ օրհներգ կայ: Մտնում ես, գրում ես Հայաստանի օրհներգ, enter ես տալիս եւ օրհներգը հնչում է։ Եւ իմ անձնական փորձը էն ա եղել, որ երբեք ոեւէ մէկը չի իրան հարց տուել՝ լսէք, բա ինչ օրհներգ ա հնչելու, ոնց ա հնչելու էդ օրհներգը, եւ էսպէս շարունակ», – ըսաւ երկրի ղեկավարը:

Կառավարութեան ընդունած նախագիծով սահմանուեցաւ օրհներգի մէկ պաշտօնական տարբերակ՝ Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ պաշտօնական ու այլ տարաբնոյթ միջոցառումներու համար:

Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ արդէն յանձնարարական տուած է, որ իր մասնակցութեամբ միջոցառումներուն օրհներգը հնչէ բացառապէս «կենդանի կատարմամբ եւ որոշակի որակական չափանիշինին համապատասխան»:

Եթէ մինչ այժմ օրհներգի կատարումը պարտադիր էր դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ, ապա այն պարտադիր պիտի դառնայ նաեւ գոլեճներուն եւ մանկապարտէզներուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment