Հելսինքիի մէջ կայացած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ֆինլանտայի արտաքին գործերու նախարար Էլինա Վալթոնենի առանձնազրոյցը: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը:
Նախարարները քննարկած են երկկողմ օրակարգի, ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան խորացման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր։