Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սարգիս Գալստեան Մեղաւոր Ճանչցուած Է Լրտեսութեան Համար Եւ Դատապարտուած Է 18 Տարուայ Բանտարկութեան

Սարգիս Գալստեան Մեղաւոր Ճանչցուած Է Լրտեսութեան Համար Եւ Դատապարտուած Է 18 Տարուայ Բանտարկութեան

by MassisPost

Լրտեսութեան համար մեղադրուող Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պաշտօնեայ, Ստեփանակերտի մէջ մօտ կէս տարի մնալէ յետոյ Հայաստան տեղափոխուած Սարգիս Գալստեան մեղաւոր ճանչցուած եւ դատապարտուած է 18 տարուայ բանտարկութեան:

Հանրային մեղադրողը իր ճառին մէջ միջնորդած էր Գալստեանը դատապարտել ցմահ բանտարկութեան:

Դատախազութիւնը պիտի բողոքարկէ դատավճիռը:

Ինչպէս յայտնի է, Սարգիս Գալստեանը եւ կինը Հայաստան տեղափոխուած էին Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ուղեկցութեամբ:

Գալստեանը 2024 թուականի Ապրիլին լրտեսութեան մեղադրանքով կալանաւորուած էր։

Օտարերկրեայ պետութեան յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ հաւաքագրուելու եւ ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, պետական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ յանձնելու՝ լրտեսութիւն կատարելու առերեւոյթ դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեամբ պարզուած է, որ ստանալով լրտեսութիւն կատարելու յանձնարարութիւն՝ Սարգիս Գալստեանը գործած է «Սարխան» ծածկանունով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment