Հայկական քաղաքական շրջանակներու մօտ այս օրերուն ամենէն աւելի քննարկուող հարցը կը վերաբերի նախագահ Տանոլտ Թրամփի Սպիտակ Տուն վերադարձին ու նոր վարչակազմի որդեգրելիք քաղաքականութեան՝ հարաւային Կովկասի նկատմամբ։ Կան մտահոգութիւններ, որ նախագահ Թրամփ միջազգային գետնի վրայ պիտի վարէ մեկուսացումի քաղաքականութիւն մը, ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով ներքին հարցերու վրայ, որոնց վերաբերեալ ան տուած է նախընտրական բազում խոստումներ, որոնք կը կարօտին իրագործման։
Նախագահ Ճօ Պայտընի օրօք, Կովկասը դարձած էր Ամերիկայի ուշադրութեան կեդրոն ու Պետական Քարտուղարութիւնը մեծ ջանքեր կը գործադրէր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար։ Պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքին անձնապէս հեռաձայնային մնայուն կապի մէջ էր Երեւանի ու Պաքուի հետ« որոնց ընթացքին ան յաճախ կը զգուշացնէր նախագահ Ալեւին՝ Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութիւններ վերսկսելու ծանր հետեւանքներու մասին։ Կարճ խօսքով Ամերիկան իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ կարեւոր դարձուցած էր Հարաւային Կովկասը, ուր ան կը հետապնդէր նաեւ նպատակ՝ տկարացնել Ռուսաստանի ազդեցութիւն« յատկապէս Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք։ Այս ընթացքին է որ, զարգացաւ Հայ-Ամերիկեան ռազմական համագործակցութիւնը, խորհրդատուութեան եւ փորձի փոխանակման առումներով։
Ներկայիս գլխաւոր հարցականը այն է, թէ նոր վարչակազմը ինչպիսի՞ քաղաքականութիւն պիտի վարէ Հայաստանի նկատմամբ։ Առաջին տարբերակը այն է թէ, Ամերիկան շարունակէ սերտ յարաբերութիւններ մշակել ու պահպանէ համագործակցութիւնը Երեւանի հետ։ Նման քաղաքականութիւն մը նպաստաւոր է ու պիտի ամրապնդէ Հայաստանի դիրքերը Ատրպէյճանի հետ շարունակուող լարուածութեան լոյսին տակ։ Պետական քարտուղարի պաշտօնին ծերակուտական Մարքօ Ռուպիոյի նշանակումը դրական քայլ մըն է այս առումով։ Ռուպիոն մօտէն ծանօթ է միջագային քաղաքական իրադարձութիւններուն ու անոնց ելեւէջներուն։ Ան նաեւ հրապարակային բազմաթիւ յայտարարութիւններով հանդէս եկած է ի նպաստ Հայաստանին։
Երկրորդ տարբերակը այն է թէ, ԱՄՆ կրնայ նուազեցնէ իր ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասէն ներս։ Նման մօտեցում մը բնականաբար պիտի ամրապնդէ Մոսկուայի ու Պաքուի դիրքերը« որոնք պիտի փորձեն նոր ճնշումներ գործադրել Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ՝ դարձեալ հրապարակ բերելով «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցը։
Նկատի առնուելիք պարագայ մըն է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ գոյութիւն ունեցող երկարամեայ սերտ յարաբերութիւնները, որոնք կրնան ազդել Հայաստանի նկատմամբ Ամերիկայի քաղաքականութեան վրայ։ Էրտողան պիտի փորձէ համոզել Թրամփին, որպէսզի ան աւելի մեղմ վերաբերմունք ունենայ Ատրպէյճանի նկատմամբ։
Կայ այլ պարագայ մը եւս, որ կը մտահոգէ Հայաստանի քաղաքական շրջանակները։ Նախագահ Թրամփ միշտ հետամուտ եղած է Իրանի նկատմամբ աւելի կարծր քաղաքականութիւն վարելուն, որոնց շարքին պատժամիջոցներու խստացումը եւ նոյնիսկ Իրանի միջուկային կեդրոններուն դէմ, Իսրայէլի հետ միասին, ռազմական քայլերու դիմելը։ Նման զարգացումներու պարագային Ուաշինկթըն կրնայ Հայաստանը դնել դժուար երկընտրանքի առջեւ, պահանջելով խզել իր տնտեսական կապերը Իրանի հետ։ Դրական քայլ մըն էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռաձայնային խօսակցութիւնը Տանոլտ Թրամփի հետ, նախ շնորհաւորելու անոր ընտրութիւնը եւ ապա տեղեկութիւններ փոխանցելու Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն մէջ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին։ Թրամփ մեծ կարեւորութիւն կու տայ անձնական կապերուն ու յաճախ արտաքին քաղաքականութիւն կը կառուցէ այդ կապերուն վրայ հիմնուելով։
Ժամանակը ցոյց պիտի տայ թէ նախագահ Թրամփի վարչակազմը որ ուղղութեամբ պիտի շարժի ու ինչ վարդապետութեան պիտի հետեւի՝ իր արտաքին քաղաքականութիւնը մէջ։ Այսօր, Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմ յարաբերութիւններու պահպանումն ու առաւել զարգացումը ամենէն հրատապ հարցն է Հայութեան համար եւ կը յուսանք, որ Թրամփ հաւատարիմ կը մնայ Ամերիկայի վարած ներկայ քաղաքականութեան, որ կը բխի երկու երկիրներու շահերէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»