Home Uncategorized ՍԴՀԿ-ի Ֆրանսայի Շրջանի «Պարգեւատրման Երեկոն»

ՍԴՀԿ-ի Ֆրանսայի Շրջանի «Պարգեւատրման Երեկոն»

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Ֆրանսայի շրջանի Վարիչ Մարմին կազմակերպութեամբ տեղո ունեցաւ  «Պարգեւատրման երեկոյ» մը:  Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի սրահը հաւաքուած էին կուսակցութեան ղեկավարութիւնը, անդամներ եւ գաղափարակիցներ:  Նախաձեռնութիւնը կը միտէր, երկու, ի յաւիտեան բաժնուած ընկերներու յիշատակը վառ պահելու համար անոնց անունը միաւորել միութեան մասնաճիւղերուն հետ:

Այս երկու ընկերները, պատկառելի եւ յարգուած դէմքեր էին Փարիզահայ համայնքէն ներս:

Ընկեր Գէորգ Սաչլեան հակիրճ ներկայացուց երկու ընկերները, անդրադառնալով անոնց կենսագրութեան լիբանանեան եւ ֆրանսական հատուածներուն: Մանրամասն բացատրեց անոնց ունեցած ներդրումը կուսակցութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ ակումբաշինութեան գործին մէջ:

Ընկեր Սարօ Մարտիրեան զուգահերներ ըրաւ 1970-1980ականներու Լիբանանի վիճակին եւ Միջին-Արեւելեան այսօրուան կացութեան հետ: Ժողովուրդներու տեղափոխութիւնները կը նսեմացնեն շրջաններ եւ կ’ուռճացնեն ուրիշներ:

Ընկեր Հայկ Մելքոնեանը (3/10/1958-10/2/2020) կը պատկանէր Լիբանանէն հասած առաջին հունձքին: ՍԴՀԿի վերակազմակերպման ընթացքին, մաս կազմելէ ետք Նազարբէկ Երիտասարդական Միութեան, յանձն առաւ աշխուժացնելու Հայ Մարմնամարզական Միութեան Ֆրանսայի մասնաճիւղը – ՀՄՄ Ֆրանսը: Ֆութպօլի չափահասերու զոյգ խումբերով եւ կրտսերներու խումբով, ինչպէս նաեւ աղջկանց Վոլէպոլի խումբով մանրամարզի շուրջ համախմբեց երիտասարդներ եւ կրցաւ անոնց փոխանցել հայասիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն:

Ընկեր Գրիգոր Սաչլեանը (11/8/1938 – 7/8/2020)  Պէյրութի ՀԿԲՄ Սահակեան Լիսէի սան, եղաւ ակումբաշինութեան ՚ճարատարապետը»: Վարիչ Մարմնոյ իրականացուցած ծրագիրը եւ համագաղութային ու համակուսակցական նիւթական  աջակցութեամբ, առանց ոչ մէկ պաշտօնական-դիւանակալական նիւթական ներդրումի, ձեռք բերուած եւ ակումբի մը սեփականատէր դարձած ՍԴՀԿը, ակումբի ներքին յարմարեցումը յանձնեց իրեն որ ամիսներ շարունակ, նուիրումով, վերափոխեց ակումբին ներքին ու արտաքին վիճակը եւ զայն պատրաստեց բացման ձեռնարկին:

Երկու ժրաջան հայրենասէրներուն ընտանիքի անդամները գօղազերծեցին անոնց յուշատախտակները եւ անոնց դիմանկարները զետեղուեցան յատուկ պատրաստուած ցուցափեղկին մէջ: Յետ մահու պարգեւատրուած ընկերներուն ընտանիքի անդամներուն շնորհակալութեան խօսքէն ետք, ներկանները արտայայտուեցան յիշելով դրուաքներ որոնք հակասած, վիճաբանած, ծրագրած, աշխատակցած եւ իրագործած էին պարգեւատրեալներուն հետ:

Ներկաներուն հետ զրոյցը շարունակցուեցաւ ընդունելութեան ընթացքին եւ բոլորն ալ գնահատեցին ձեռնարկին կազմակերպիչներուն եւ պարտականութիւն նկատեցին իրենց ներկայութիւնը այսօրը’ հոս:

Յետ այսու Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան – ՀԿԲՄի Ֆրանսայի մասնճիւղը մկրտուեցաւ  «ՀԿԲՄի ԳՐԻԳՈՐ ՍԱՉԼԵԱՆ մասնաճիւղ» անունով իսկ Հայ Մարմնամարզական Միութեան ՀՄՄ Ֆրանսի Ալֆորվիլի մասնաճիւղը՝ «ՀՄՄ  Ֆրանսի ՀԱՅԿ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ մասնաճիւղ»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment