Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Ներկայացուց, Թէ Որ Պարագային Հայաստանի Մէջ Թոշակները Կրնան Բարձրանալ

Վարչապետը Ներկայացուց, Թէ Որ Պարագային Հայաստանի Մէջ Թոշակները Կրնան Բարձրանալ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայ 754 հազար 431 չաշխատող թոշակառու եւ նպաստառու, որոնց թոշակ կը տրուի ընդամէնը 768 հազար 547 աշխատող մարդոց շնորհիւ։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս մասին յայտնեց Ազգային Ժողովին մէջ 2025 թուականի պետական պիւտճէի մասին օրէնքի նախագիծի քննարկման ունեցած եզրափակիչ ելոյթին ժամանակ։

Նիկոլ Փաշինեանի դիտարկմամբ՝ պիւտճէի որեւէ քննարկման ժամանակ կարեւորագոյն հարցերէն մէկը կենսաթոշակներու հարցն է։

«Պէտք է հասկանանք, թէ թոշակն ինչպէ՞ս է ձեւաւորւում։ Այսօր ՀՀ-ում կայ 754 հազար 431 չաշխատող թոշակառու եւ նպաստառու։ Այս մարդկանց մենք թոշակ տալիս ենք աշխատող մարդկանց շնորհիւ։ Իսկ Հայաստանում կայ ընդամէնը 768 հազար 547 աշխատող մարդ»,- ըսաւ վարչապետը՝ յաւելելով, որ մարդոց թոշակները հնարաւոր պիտի ըլլայ աւելցնել միայն այն պարագային, երբ երկրին մէջ աշխատողներու թիւը չաշխատողներու թիւէն 60-300 տոկոսով աւելի ըլլայ։

Փաշինեանի դիտարկմամբ՝ Հայաստանի մէջ աշխատանքը չի խրախուսուիր եւ անընդհատ պատճառ կը փնտռուի՝ հիմնաւորելու համար, թէ մարդ ինչու պէտք չէ չաշխատի։

«Մենք տասնեակ եւ հարիւր հազարաւոր մարդկանց նպաստ ենք տալիս։ Ասում ենք դու աշխատունակ ես, բայց ոչինչ, մենք քեզ նպաստ կը տանք, քո առողջապահութեան հարցերը կը կարգաւորենք։ Սա ապապետական մօտեցում է։ Չաշխատող մարդուն մենք ինչո՞ւ ենք փող տալիս»,- ըսաւ վարչապետը՝ այդ հարցը եւս կապելով հասարակութեան ընկերա-հոգեբանութեան հետ։

Վարչապետը կրկնեց, որ մարդոց թոշակները կրնան բարձրանալ, եթէ անոցնմէ գոնէ կրկնակի չափով աւելի մարդ աշխատի։

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ հաշուարկները ցոյց կու տան, որ եթէ վերցնեն միայն պետական կառավարման քաղաքական պլոքի աշխատակիցներուն աշխատավարձերն ու պարգեւավճարները եւ դնեն թոշակներուն վրայ, ապա թոշակառուներուն թոշակը կարելի պիտի ըլլայ բարձրացնել ընդամէնը 9 հազար դրամով։

«Բայց թոշակառուներն այդ թոշակը չեն ստանայ, որովհետեւ թոշակը հաւաքելը եւ Ա կէտից Բ կէտ հասցնելը ծախս ունի։ Պետական եկամուտներ չեն հաւաքուի, եւ որքան պետական համակարգը կրճատենք, այնքան աւելի վատ կը հաւաքուեն թոշակները»,- ըսաւ Փաշինեան՝ նշելով, որ եթէ բոլոր պետական կառոյցները կրճատուին եւ լուծարուին, իսկ անոնց աշխատավարձերն ու պարգեւավճարները ուղղուին թոշակներուն, ապա ո՛չ դպրոցները կ’աշխատին, ո՛չ ճանապարհները կը կառուցուին, ո՛չ ալ թոշակառուները իրենց թոշակը կը ստանան։

Վարչապետին խօսքով՝ երրորդ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ 2023 թուականին նուազագոյն թոշակը գերազանցած է պարէնային նուազագոյն զամբիւղը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment