Սահմանադրական դատարանը չի կրնար չեղարկել եւ չչեղարկել Անկախութեան հռչակագիրը։
Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսաւ ՀՀ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Արման Դիլանեան՝ անդրադառնալով շրջանառուող խօսակցութիւններուն ու մեկնաբանութիւններուն, թէ ՍԴ-ն Սեպտեմբեր 26-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան սահմանադրականութեան վերաբերեալ որոշմամբ իբր չեղարկած է Անկախութեան հռչակագիրը։
«Ոչ ոք չի կարող չեղարկել Անկախութեան հռչակագիրը։ Կայ մի միաւոր, որը կարող է չեղարկել՝ դա ժողովուրդն է»,- ընդգծեց Դիլանեան։
Ան ափսոսանք յայտնեց, որ ի տարբերութիւն երեք դատաւորի կարծիքներուն, ՍԴ միւս ութ դատաւորներու կարծիքները մանրամասն չէ լուսաբանուած։
«Իրականում ես ամէն ինչ նկատեցի այդ որոշման շուրջ, բացի լուրջ իրաւական քննադատութիւնից կամ փաստարկներից։ Ես չհանդիպեցի իրաւական փաստարկի՝ թէ ինչու է այդ որոշումն իրենց կարծիքով սխալ»,- ըսաւ ՍԴ նախագահը։
Անոր խօսքով՝ Սահմանադրական դատարանը իր որոշմամբ ըսած է այն, ինչ որ գոյութիւն ունեցած է 30 տարի։ Բացի անկէ, ըստ Դիլանեանի, Սահմանադրութիւնն ու Անկախութեան հռչակագիրը իրաւական նոյն հարթութեան մէջ դիտարկելու պարագային շարք մը հակասութիւններ ի յայտ կու գան։
«Սահմանադրութիւնն ընկալուել է որպէս բարձրագոյն իրաւաբանական ուժ ունեցող փաստաթուղթ ՀՀ-ում, եւ Անկախութեան հռչակագիրը ողջ ծաւալով երբեք չի եղել Սահմանադրութեան մաս։ Եթէ Անկախութեան հռչակագիրը եւ Սահմանադրութիւնը բովանդակային առումով համեմատէք ու փորձէք դրանք նոյն իրաւական ուժի հարթութեան մէջ տեղաւորել, չեմ պատկերացնում, թէ ինչպէս էք այդ հակասութիւնները լուծելու»,- ըսաւ Դիլանեան՝ յաւելելով, որ ՍԴ-ն պարզապէս առաջին անգամ խորութեամբ ուսումնասիրած է խնդիրը եւ արձանագրած գոյութիւն ունեցող իրողութիւնը։
Նշենք, որ ընթացիկ տարուայ Սեպտեմբեր 26-ին ՀՀ ՍԴ-ն որոշում կայացուցած է Սահմանադրութեան համապատասխան ճանչնալով 2024 թուականի Օգոստոս 30-ին ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ու Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան մասին» կանոնակարգին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւնները։ Որոշման մէջ, որպէս գործով պարզման ենթակայ հանգամանք անդրադարձ կատարուած է նաեւ Անկախութեան հռչակագրին, ինչ որ տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու տեղիք տուած էր։