Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Տեղի Ունեցաւ Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի` Հնչակեան Կուսակցութեան Մասին Անգլերէն Գիրքի Շնորհանդէսը

Տեղի Ունեցաւ Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի` Հնչակեան Կուսակցութեան Մասին Անգլերէն Գիրքի Շնորհանդէսը

by MassisPost

Կազմակերպութեսմբ «Մասիս» շաբաթաթերթի, Հինգշաբթի, Նոյեմբերի 7-ին Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ պտմաբան, ուսումնասիրող` Դոկտ. Տէր Աբէլ Մանուկեանի անգլերէնով հեղինակած «Հնչակեան Կուսակցութեան Ծագումը Ժընեւի Մէջ Եւ Քսան Կախաղաներու Աւանդը» գրքի` շնորհանդէսը, որուն ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վաչութեան ատենապետ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանը, ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի նորընտիր ատենապետ Միհրան Խաչատուրեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին աւագ հիւպատոսներ` Արմէն Բայբուրդեանը, Արմէն Մելգոնեան եւ Վալերի Մկրտումեանը, ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Տօքթ. Ռաֆֆի Պալեանը եւ Նորայր Մկրտիչեան, ինչպէս նաեւ ազգային, մշակութային եւ հասարակական տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով գրասէր հասարակութիւն մը:

Օրուան հանդիսավար Սօսի Լաչինեան, պարզելէ ետք միջոցառման նպատակը, ջերմ խօսքերով ողջունեց ներկայ խուռներամ հասարակութիւնը: Ան ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօս` իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանի կենսագրական գիծերը ու հրաւիրեց զինք` ներկայացնելու գիրքը:

Իրաւաբան Աւշարեան նախ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանը, որպէս պատմաբանասիրական գործերու հեղինակ, համալսարանի դասախօս եւ ազգանուէր ու եկեղեցանուէր գործիչ: Ան իր տքնաջան պրպտումներուն եւ բծախնդիր հետազօտութեանց շնորհիւ կրցած է լոյս աշխարհ բերել մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ռահվիրաներու գործունէութեանց տարբեր երեսակները: Ան հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց Զուիցերիա հաստատուած խումբ մը ուսանողներու եւ Մկրտիչ Փորթուգալեանի յարաբերութիւններու մասին, որմէ ետք Աւետիս Նազարբեկեանի գլխաւորութեամբ, 1887-ի իտէալապաշտ երիտասարդները հիմնած են Հնչակեան կուսակցութիւնը, հրատարակելով անոր օրկան` «Հնչակ» թերթը:

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի գիրքը մանրամասն կը ներկայացնէ Հնչակեան Կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան Կախաղաններու մասին անդրադարձը Եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութիւեանց մէջ: Լոյս տեսած գիրքին մէջ, լայն տեղեկութիւններ կան եւ լուսանկարուած պատճէններ, հայ ժողովուրդի եւ Հնչակեան կուսակցութեան Օսմանեան կայսրութեան դէմ մղած ազատագրական պայքարի մասին, որոնց զոհ գացին քսան կախաղանները, գլխաւորութեամբ Փարամազի (Մատթէոս Սարգիսեան):

Տէր Աբէլի սոյն գիրքի երկրորդ բաժնին մէջ` կան որոշ լրատւութիւններ Արեւմտեան Հայաստանի կամ Կիլիկիոյ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած սպանդի ու բռնագաղթերու մասին: Ինչպէս նաեւ` համայն ժողովուրդի մը բնաջնջման ծրագիրը: Մասնակի տեղեկութիւններ կան Զէյթունի եւ այլ շրջաններու ապստամբութեան ու համիտեան ջարդերու մասին:

Տէր Աբէլի շահեկան փաստաթուղթերուն մէջ կան Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆոն Վանկհայմի, հայասէր Յովհաննէս Լեփսիոսի եւ բազմաթիւ այլոց հեռագիրներն ու փաստաթուղերը, որնց մէջ կան թելադրանքներ եւ տեղեկութիւններ Քսան կախաղաններու հետ առնչուող հարցերու կապակցութեամբ: Ատենին անոնցմէ շատեր թարգմանուած են նաեւ անգլերէնի:

Զեկուցաբեր Ռուբէն Աւշարեան եզրակացնելով իր խօսքը ըսաւ.- «Հնչակեան Կուսակցութեան Կազմաւորումը Ժընեւի մէջ եւ Քսան Կախաղաններու Աւանդը» գիրքը` իր տեսակին մէջ եզակի ուսումնասիրութիւն մըն է, որ աղբիւրագիտական հարուստ նիւթերով, տարբեր դիտանկիւնէ կը ներկայացնէ հայ ազգային ազատագրական պայքարի որոշ հանգրուանները եւ գիտական պատշաճ որակով, անգլիախօս ընթերցողին կը ծանօթացնէ զուիցերական եւ գերմանական արխիւներուն մէջ գտնուած նիւթերը:

Մարդկայնօրէն կարելի պիտի չըլլար ներփակել այդ ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդի մասին լոյս տեսած հարիւրաւոր թերթերու մէջ բիւրաւոր յօդուածները: Սակայն, այս գիրքին միջոցով, Տէր Աբէլը անուղղակիօրէն հրաւէր կ’ուղղէ նոր սերունդին, երիտասարդ պատմաբաններուն եւ պատմագէտներուն ու ընկերաբաններուն թէ` տակաւին բաւական լուրջ հետազօտական աշխատանքներ կան ծաւալելիք այս կապակցութեամբ:

Սոյն երեկոյթի գեղարուեստական յայտագրի փայլուն աստղն էր Լիբանանի եւ Սփիւռքահայ գաղութներու ծանօթ շնորհալի ասմունքող Անի Եփրեմեան: Ան` յուզական խոր ապրումով եւ գեղարուեստական բարձր կատարումով արտասանեց հանճարեղ բանաստեղծ ու մեծ եղեռնի զոհերէն Սիամանթոյի հայրենասիրական բոցաշունչ մէկ քերթուածը «Կախաղաններու Կատարէն», արժանանալով ներկաներու բուռն եւ երկարատեւ ծափահարութիւններուն:

Շնորհակալական արտայայտութիւններով ելոյթ ունեցաւ օրուան մեծարեալը` Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան: Նախ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն միջոցառման կազմակերպիչ «Մասիս» շաբաթաթերթի խմագրութեան եւ յայտագիր մասնակիցներուն: Յատուկ երախտագիտութեամբ յիշատակեց իր գիրքերու մեկենաս եւ Լուիզիանա նահանգնի ազգային ծանօթ անձնաւորութիւններէն Վազգէն Գալթագճեանի անունը: Յիշատակեց նաեւ զուիցերեական, յատկապէս Ժընեւի կրթական, մշակութային եւ պետական կարգ մը հաստատութիւնները, որոնք մեծապէս դիւրացուցած են իր արխիւային հետազօտութիւնները:

Այնուհետեւ իր փակման խօսքին մէջ` Սոց. Դեմկ. Հնչակաեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ` Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան սրտագին ջերմ խօսքերով ողջունեց պատմական բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանը եւ բարձր գնահատեց անոր խորաթափանց հետազօտութիւնները, լոյս աշխարհ բերելով Հնչակեան կուսակցութեան պատմութեան յեղափոխական ընյատակեայ շարժումին առնչուող իրողութիւնները: Ան` առանձնապէս շեշտեց որ եթէ չըլլային մեր յեղափոխական շարժումները` շատ հաւանաբար այսօր Հայաստանը ազատ ու անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն պիտի չունենայինք: «Նրկայիս ալ դժուարութիւններ կան մեր հայրենի պետականութեան առջեւ: Զանոնք դիմակայելու համար կենսական անհրաժեշտութիւն է սփիւռքի զօրակցութիւնն ու միասնականութիւնը ի խնդիր մայր հայրենիքի խաղաղութեան եւ անսասնելիութեան», իր խոսքը եզրակացուց ՍԴՀԿ ատենապետը:

Աւարտին` տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն եւ ընկեային հաճելի մթնոլորտի ներքեւ` գիրքերու մակագրութիւն հեղինակին կողմէ, որոնք ունեցան լայն սպառում:

Գ.Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment