Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան 2025 թուականի պետական պիւտճէի քննարկումներուն ժամանակ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ նշելով, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական առաջնահերթութիւնն է երկրին անվտանգութիւնն ու տարածաշրջանին մէջ ներդաշնակ միջավայրի ստեղծումը։
Միրզոյեան ընդգծեց, որ արտաքին քաղաքականութեան շրջանակին մէջ կարեւոր են տնտեսական կապերու աշխուժացումը եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծի իրականացումը, որ կ’ենթադրէ տարանցիկ ճանապարհներու եւ ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակում եւ վերակառուցում:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կապուղիների վերագործարկումը, առաջին հերթին՝ երկաթգծերի, հանդիսանում է կարեւոր քայլ»,- նշեց ան՝ յաւելելով, որ բանակցութիւնները այս ուղղութեամբ կ’ընթանան աշխուժօրէն։
Միրզոյեան յոյս յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ խոչընդոտներու վերացման գործընթացին մէջ յառաջընթաց ըլլայ․ «Խօսելով կապուղիների մասին՝ չենք կարող չխօսել նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ փակ սահմանի, հնարաւոր դէպքում այդ սահմանի բացման, նաեւ՝ մեր գոյութիւն ունեցող ենթակառուցուածքների վերագործարկման մասին»։
Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ ան նշեց, որ մեծ նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը բանալու եւ ենթակառուցուածքներու վերագործարկման հարցը․ «Կարս-Կիւմրի երկաթգծի շուրջ համատեղ աշխատանքներ են իրականացւում, եւ դա շօշափելի առաջընթաց է»:
Միրզոյեան նաեւ նշեց, որ այս տարի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ ստորագրուած է առաջին միջազգային իրաւական փաստաթուղթը՝ սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան կանոնակարգը։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ սահմանազատման գործընթացը պիտի շարունակուի՝ ապահովելով խաղաղ գործունէութեան հնարաւորութիւն երկու կողմերուն։
Վերջինս ընդգծեց, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը մօտ է եզրափակիչ փուլին, եւ երկխօսութիւնը կը վարուի «կառուցողական մթնոլորտի մէջ». «Ես կ’ուզէի զգուշաւոր լաւատեսութիւն յայտնել, որ մենք իսկապէս շատ մօտ ենք նրան, որ կ’ունենանք վերջնական համաձայնեցուած խաղաղութեան պայմանագրի բնագիր»: