Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա կրկին անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի իրադրութեան եւ բարձր գնահատած է 2021 թուականի Յունուարին Մոսկուայի մէջ կայացած Փութին-Ալիեւ-Փաշինեան եռակողմ հանդիպումը:
«Մենք, ի տարբերութիւն արեւմտականներուն, շահագրգռուած ենք անվտանգ, կայուն Հարաւային Կովկասով։ Մենք այնտեղ ներկայ ենք, այնտեղ մեր շահերն են, մենք պատրաստ ենք զարգացնելու այդ տարածաշրջանը։ Ռուսաստանը պատրաստ է շարունակելու համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներուն՝ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար»,- ամէնշաբաթեայ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Զախարովա։
Ան բարձր գնահատած է Ռուսաստանի եւ անձամբ ՌԴ նախագահին գործադրած զգալի ջանքերը՝ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելու համար, «որոնք կանգնեցուցած են արիւնալի պատերազմը»։
«Ընդամէնը երկու ամիս անց՝ 2021 թուականի Յունուարին, Մոսկուայի մէջ, Ռուսաստանի նախագահին առաջարկով, տեղի ունեցաւ գագաթաժողով, նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մասնակցութեամբ, ուր տրուեցաւ խաղաղ գործընթացի մեկնարկը։ Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ ստեղծուեցաւ եռակողմ աշխատանքային խումբ, իսկ հետագային 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան հիման վրայ ձեւաւորուեցաւ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու ամբողջ համալիրը, որոշուեցան հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հիմնական ուղղութիւնները»,- յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը։
Զախարովա ընդգծած է, որ կարելի եղած էր իրական լուրջ արդիւնքներու հասնիլ շարք մը հարցերու շուրջ, օրինակ՝ 2023 թուականի Յունիսին եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջանակին մէջ մենք մօտ էինք տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային ուղիներու գործնական վերականգնման, սակայն, անոր խօսքով՝ Արեւմուտքի ճնշման ներքոյ Երեւանը «սառեցուց» իր մասնակցութիւնը խումբին մէջ, այնուհետեւ բոլոր եռակողմ ձեւաչափերուն մէջ։
Ըստ Զախարովայի՝ «ԱՄՆ եւ Ե, որոնք փորձած են միջնորդ ըլլալ, չկրցան որեւէ բան ընել, անոնք միայն կրցան պատճէնել մեր զարգացումները, միեւնոյն ժամանակ խեղաթիւրեցին անոնց էութիւնը»։