Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ 44-օրեայի Դէպքերը Քննող Յանձնաժողովի Զեկոյցին Մէջ Բացայայտումներ Կան, Ամբողջ Ծաւալով Պիտի Հրապարակուի․ Անդրանիկ Քոչարեան

44-օրեայի Դէպքերը Քննող Յանձնաժողովի Զեկոյցին Մէջ Բացայայտումներ Կան, Ամբողջ Ծաւալով Պիտի Հրապարակուի․ Անդրանիկ Քոչարեան

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմին դէպքերը քննող յանձնաժողովին զեկոյցը պատրաստ է, բացայայտումներ կան, ամբողջ ծաւալով պիտի հրապարակուի։ Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին նշած է ԱԺ Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան։

Ա․ Քոչարեան յայտնած է, որ Դեկտեմբերին զեկոյցը պիտի ներկայացուի փորձաքննութեան՝ կապուած գաղտնիութեան կարգին հետ. «Զեկոյցն, ընդհանուր առմամբ, իր հատորներով եւ էջերով շատ մեծ է․ միայն տեսագրութիւնների վերծանումները հսկայածաւալ աշխատանք է, որը նոյնպէս աւարտուած է»,- ըսած է ան։

«Զեկոյցի ներկայացնելուց յետոյ այն կը ծառայի մեր երկրի անվտանգութեանը»,- ըսած է Քոչարեան՝ պնդելով․ «Ազգային Ժողովի լիագումար նիստում այն հրապարակուելու է ամբողջ ծաւալով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment