Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը 2 Նոյեմբեր 2024, Շաբաթ օր տօնեց հայկական մշակոյթի օրը: Շաբաթ մը առաջ ալ դպրոցը վայելած էր արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ՝ հոգեշնորհ հայր Երեմիա վրդ. Աբգարեանի հովուական այցելութիւնը:
Հայկական մշակոյթի նշումը «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցի սաներուն եւ ծնողներուն ամենասիրուած օրերէն մէկն է: Նոյնպէս այս տարի, հայրեր, մայրեր, ընտանեկան բարեկամներ դպրոցի գեղազարդ սրահը լեցուցին, մինչ աշակերտները, դասարաններու մէջ կը կատարէին իրենց վերջին փորձը:
Ժամը ճշդագոյն 12ին, դաշնակահարուհի Էլմիրա Սիմոնեանի նուագով սկսաւ հանդէսը: Նախ, ամբողջ սրահը միասիրտ երգեց Հայաստանի հանրապետութեան քայլերգը (օրհներգ), ապա, դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեանը ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց, ամփոփեց դպրոցի մէջ տարուած աշխատանքը եւ ըսաւ, թէ օրուան նիւթն է «Աշունը եւ Հայաստանը»: Ն. Տատուրեանը ծնողներուն բացատրեց, թէ հայկական ինքնութեան եւ մշակոյթի պահպանման առաջին հասցէն տունն է, իսկ երկրորդը՝ հայեցի դաստիարակութեան բոյն «Փեթակ» դպրոցը՝ իր ջերմ, ընտանեկան եւ հայաշունչ միջավայրով:
Յայատագիրը սկսաւ աւագ դասարանի աշակերտներու արտասանութեամբ եւ խօսքով: Երկու աշակերտուհի դաշնակի մեղմ նուագի ընկերակցութեամբ արտասանեց Ն. Միքայէլեանի «Աշնան պատկեր» ոտանաւորը: Նոյն դասարանէն չորս այլ աշակերտ բեմ ելան եւ կարդացին իրենց գրած հայրենի բնանկարները, որուն անունն էր՝ «Հայաստանը՝ Չորս Եղանակ»: «Գարունը» բացատրեց, թէ ինք կը զարդարէ Հայաստանը: Երբ ինք ներկայ է՝ վարդաբոյր են հայրենի դաշտերը, վարդագոյն է Երեւանը: Ապա ըսաւ, թէ ինքը Կոմիտասի ամենասիրած եղանակն էր, «Գարուն ա, ձիւն ա արել…»: «Ամառը» ըսաւ, թէ ինք կը ջերմացնէ հայրենիքի ծիրանն ու դեղձը, զանոնք դարձնելով՝ արեւահամ: «Ամառը» հպարտացաւ, թէ Սեւանը զուարթ է իրմով, իսկ, հակառակ իր փայլուն շողերուն՝ Մասիսը կը մնայ սպիտակափայլ: «Աշունը» բացատրեց, թէ ինքը «Ոսկե աշուն» է Հայաստանի մէջ: «Ամենէն գեղեցիկն եմ ես, ըսաւ աշունը, ոսկեգոյն են տերեւները, լեռները ոսկեգոյն են, Դիլիջանը ոսկեգոյն է, Գեղարդը՝ ոսկեգոյն: «Ձմեռը» բացատրեց, թէ ինք ձիւնով կը ծածկէ Հայաստանի լեռները եւ ձորերը: Սպիտակ է Մասիսը, սպիտակ է Արագածը: Ի՛նքն է, որ կը բերէ Ս. Ծնունդը եւ Կաղանդը:
Ապա, բոլոր աշակերտները ելան բեմ եւ երգեցին հայրենասիրական աշխոյժ երգեր. «Էսօր Ուրբաթ է», «Կաքաւիկ», «Աշուն է, աշուն», «Ա-Բ-Գ», եւ արտասանեցին Խաչիկ Դաշտենցի «Մեր շուրջը լեզուներ նոր ու հին» քերթուածը: Եկաւ հանդէսի ամենասիրուն պահը. մանկապարտէզի աշակերտները ծափողջիւններով, հանդիսապէս, թափոր մը կազմած սրահ մտան: Անոնք իրենց մանկիկ ձեռքերու մէջ բռնած էին լաւաշի, աղի եւ նռան ափսէներ:
Ն. Տատուրեանը բոլորին բացատրեց, թէ հայկական սեղանը իւրայատուկ է. սեղանի վրայ ներկայ են ծնողքը, մեծ հայրն ու մեծ մայրը, սեղանի վրայ է հացն ու գինին, սեղանի վրայ է մեր մայրենին, Ճաշակեսցուքը եւ զուարթ երգը, այսինքն հայու բոլոր գերագոյն սրբութիւնները: Տնօրէնի առաջարկով ամբողջ սրահը երգեց «Սեղանն է առատ» երգը, որպէսզի հայու սեղանէն պակաս չըլլան Աստուծոյ շնորհած բարիքները:
Յայտագիրը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով: Ներկաները վայելեցին հայկական գաթան: Իսկ աշակերտները ցուցադրեցին իրենց ձեռքի աշխատանքը, փայտեայ նետ մը, որ զարդարուած էր հայկական տեսարաններով եւ քնարական տողերով:
Յայտագիրէն շաբաթ մը առաջ արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ՝ հոգեշնորհ հայր Երեմիա վարդապետ Աբգարեանը հովուական այցելութիւն մը տուած էր «Փեթակ» դպրոցին: Հոգեշնորհ հայրը այցելեց դասարանները, ունկնդիր եղաւ դասաւանդութեան, մտերմիկ զրոյց ունեցաւ աշակերտներու հետ, ապա սրահի մէջ լսեց անոնց երգն ու աղօթքը: Երեմիա վրդ. Աբգարեանը իր շուրջը առաւ աշակերտները եւ անոնց բացատրեց, թէ որքա՛ն կարեւոր է հայկական դպրոցը, մայրենի լեզուն եւ որքա՛ն սուրբ է հայկական ընտանիքը: Սրբազան հայրը աշակերտներուն նուիրեց ժողովրդական պատմուածքներու պատկերազարդ գիրքեր եւ խոստացաւ դպրոցը պարբերաբար այցելել եւ վայելել անոր բարի աշխատանքը եւ հանդէսները:
Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը 1965 թուականէն ի վեր, լեզուի ուսուցումէն բացի՝ երգի, պարի, արուեստի եւ պատմութեան միջոցով հայեցի դաստիարակութիւն կու տայ 4-14 տարեկան հայորդիներուն: Ձեր զաւակը (կամ թոռնիկը) արձանագրելու համար իրիկնային ժամերուն հեռաձայնել 1626 660 9443 թիւին, կամ գրել [email protected] հասցէին: