Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Մասնագիտական Խումբերը Ամբողջութեամբ Ստանձնած Են «Armsat-1» Արբանեակի Կառավարումը. Հայրապետեան

Մեր Մասնագիտական Խումբերը Ամբողջութեամբ Ստանձնած Են «Armsat-1» Արբանեակի Կառավարումը. Հայրապետեան

by MassisPost

Հայաստանի «ArmSat-1» արբանեակը կը գործէ, այն շուրջ 490-500 քմ բարձրութեան վրայ է, կը կատարէ լուսանկարներ:

Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան:

Նախարարին խօսքով՝ «ArmSat-1»-ը ուղեծիր ուղարկելով՝ խնդիր չէ դրուած ՀՀ բոլոր խնդիրները լուծել: Նախաձեռնութեան հիմքին եղած է գործունէութիւն մեկնարկել տիեզերական ոլորտին մէջ: «Այն տեսալուսանկարահանող արբանեակ է: Առաջին անգամ մեր նորանկախ պատմութեան մէջ հնարաւորութիւն կայ ոչ միայն ունենալ արբանեակ, այլ նաեւ կառավարել, կառավարելու հմտութիւններ ձեռք բերել, ինչը  ներդրում է ապագայի մէջ: Այսօրուանից մեր մասնագիտական խումբերն ամբողջութեամբ ստանձնել են  «ArmSat-1» արբանեակի կառավարումը»,- ըսաւ Հայրապետեան:

Արբանեակը կը կատարէ տիեզերական լուսանկարներ՝ յստակ լուծաչափերով: Ան յաւելեց՝ այդ լուծաչափերը, բնականաբար, չեն կրնար ըլլալ միլիառաւոր տոլարներու արժէք ունեցող տեսալուսանկարահանող սարքերու ապահոված որակին, բայց Հայաստանը ի սկզբանէ նման խնդիր չէ դրած: «Եօթը միլիոն դոլարի ներդրմամբ ամբողջ տիեզերքը նուաճելն անմտութիւն կը լինի»,- յաւելեց ան:

Նախարարը արձանագրեց, որ սա շատ մեծ քայլ էր տիեզերական ոլորտին մէջ գործունէութիւն մեկնարկելու, երկրի անվտանգային նկատառումներէն ելլելով՝ այս ուղղութեան մէջ նորանոր ներդրումներ կատարելու, միջոցներ կեդրոնացնելու առումով:

Անդրադառնալով շրջանառուող խօսակցութիւններուն, թէ արբանեակը չի գործեր՝ նախարարը վստահեցուց, որ արբանեակը կը գործէ, այն շուրջ 490-500 քմ բարձրութեան վրայ կը գտնուի: Այս պահի դրութեամբ կ’ընէ լուսանկարներ: Ան ընդգծեց, որ, այնուամենայնիւ, սա չի նշանակեր, թէ վեց ամիսէն կամ երկու տարիէն արբանեակը չ’իյնար:

«Շատ ու շատ երկրների արբանեակներ ժամկէտից շուտ են ընկնում կամ մի քանի տարի աւելի երկար են մնում տարբեր ուղեծիրներում»,- նշեց նախարարը:

Հայաստանի առաջին արբանեակը՝ «ArmSat-1»-ը, տիեզերք արձակուած է 2022 թուականի Մայիս 25-ին։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ արբանեակին ուղարկած տուեալները Հայաստանի մէջ կ’օգտագործուին սահմանները հսկելու, արտակարգ իրավիճակները կանխարգելելու եւ կառավարելու, շրջակայ միջավայրը պահպանելու, քաղաքաշինութեան, ճանապարհաշինութեան, երկրագիտութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ: Արբանեակին արձակումը կատարուած է հայկական պետական «Կէոքոսմոս» եւ սպանական «SATLATIS» ընկերութիւններու համատեղ աշխատանքին շնորհիւ։

ԱՄՆ Քանավերալ հրուանդանէն արբանեակի յաջող արձակումէն յետոյ SATLANTIS-ը յայտարարած է հայկական պետական «Կէոքոսմոս» ընկերութեան հետ համաձայնագիր կնքելու մասին, որով ընկերութեան կը տրամադրուի Երկրի դիտարկման լիարժէք համակարգ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment