Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հետախուզում Յայտարարուած Է Նուէր Ծառուկեանի Եւ Անոր Թիկնապահներուն Նկատմամբ

Հետախուզում Յայտարարուած Է Նուէր Ծառուկեանի Եւ Անոր Թիկնապահներուն Նկատմամբ

by MassisPost

«Հայկական Ժամանակ»-ի տեղեկութիւններով՝ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի որդիին՝ Նուէր Ծառուկեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է:

Հոկտեմբեր 26-ին՝ ժամը 3:30-ի սահմաններուն, խաղատուներէն մէկուն մէջ միջադէպ արձանագրուած է: Վիճաբանութիւնը յառաջացած է խաղատան աշխատակիցներու եւ Նուէր Ծառուկեանի ու անոր թիկնապահներուն միջեւ, որ վերածուած է ծեծկռտուքի եւ հնչած են կրակոցներ։

Քննչական Կոմիտէի մամուլի խօսնակ Գոռ Աբրահամեան յայտնեց, որ տուեալ վայրին մէջ միջադէպին առնչութեամբ կայ նախաձեռնուած քրէական վարոյթ՝ խուլիկանութեան, կողոպուտի յատկանիշերով։

Անոր շրջանակներուն մէջ հինգ անձի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է, նշուած անձերը կալանաւորելու որոշումներ կայացուած են, եւ անոնց նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է։

Վարոյթի մասին այլ տուեալներ, ինչպէս նաեւ մեղադրեալներուն անձնական տուեալները, ըստ Աբրահամեանի, հրապարակման ենթակայ չեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment