Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալիեւ Յայտնած Է, Որ Երեւանն Ու Պաքուն Մօտ Են Խաղաղութեան Պայմանագրի Կնքման

Ալիեւ Յայտնած Է, Որ Երեւանն Ու Պաքուն Մօտ Են Խաղաղութեան Պայմանագրի Կնքման

by MassisPost

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց Պաքուի մէջ կայանալիք COP29 կլիմայական համաժողովի նախօրէին հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին տեղեկացուցած է Գերմանիոյ կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Քրիսթիան Հոֆման:

Շոլց Ալիեւի հետ քննարկած է Երեւանի հետ խաղաղ բանակցութիւններուն վիճակը եւ վերահաստատած է Գերմանիոյ պատրաստակամութիւնը՝ նպաստել երկու երկիրներուն միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման, յայտնած է DW-ն:

Ալիեւ իր հերթին ընդգծած է, որ Պաքուն է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ պայմանագրի նախաձեռնողը:

Ան նշած է, թէ «Ատրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած տարածքային յաւակնութիւնները տակաւին կը պահպանուին»։

Ալիեւի խօսքով՝ Հայաստանի կողմէ «փաստաթուղթի բնագրի ձգձգումները բացասական ազդած են գործընթացին վրայ, սակայն չնայած անոր, կողմերը մօտ են փաստաթուղթի բնագրի հարցով վերջնական պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment