ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը աշխուժացուցած է ջանքերը Հայաստանի մէջ արեւմտամէտ զարգացման ձեւաչափի վերջնական վերակողմնորոշման գործընթացի ուղղութեամբ եւ յամառօրեն երկիրը կը մղէ դէպի ազգային «ինքնասպանութիւն»: Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան մամուլի բիւրօն։
«Ուաշինկթըն կարեւոր կը համարէ ուժեղացնել «ուղղորդող ազդեցութիւնը» հայկական քաղաքական վերնախաւին վրայ՝ հարկադրելու Երեւանին, անտեսելով անխուսափելի դժուարութիւնները, արագացնել վերջնական վերակողմնորոշման գործընթացը արեւմտամէտ զարգացման ձեւաչափի ուղղութեամբ»,- կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։
Ամերիկացիները, ինչպէս կը հաղորդէ ՌԴ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութիւնը, «կը ծրագրեն լուծել այս խնդիրը՝ յենելով Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի մէջ արդէն կիրառուած մեթոտներու վրայ։ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան հետ առնչուող կազմակերպութիւններուն յանձնարարուած է ընդլայնել Հայաստանի հիմնական պետական մարմիններու աշխատակիցներու վերապատրաստման ծրագրերը եւ ապահովել օտարերկրեայ խորհրդատուներու գործուն մասնակցութիւնը, որոնք պիտի կանոնաւորեն Հայաստանի կառավարութեան աշխատանքը՝ ելլելով Արեւմուտքի շահերէն»:
Կը նշուի, որ հիմնական խնդիրը «Հայաստանի հասարակական-քաղաքական գործընթացներուն մէջ կայուն հակառուսական ուղղութեան ձեւաւորումն է»։ Այդ նպատակներուն հասնելու համար, ՌԴ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան տեղեկութիւններով, «Ուաշինկթըն մտադիր է երկարաժամկէտ տեղեկատուական-քարոզչական արշաւ իրականացնել, որ պիտի ներառէ Ռուսաստանի, ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի հետ Երեւանի համագործակցութեան հնարաւորութիւններու վարկաբեկում, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի մէջ աշխատող Հայաստանի քաղաքացիներու «հալածանքներու» մասին նիւթերու տարածում»:
ՌԴ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութիւնը աւելցուցած է, որ ԱՄՆ-ի ղեկավարութեամբ հայ ժողովուրդը, այսպէս կոչուած, քաղաքակիրթ համայնքին համարկելու «բարձր նպատակին» հասցնելու համար «Ուաշինկթըն կը կարծէ, որ Հայաստան պէտք է հրաժարի իր աւանդոյթներէն, ազգային արժէքներէն եւ ԵԱՏՄ իր մերձաւոր գործընկերներու հետ կայուն առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւններէն, ինչ որ նպաստած է երկրի վերջին տնտեսական աճին»։