Սրբուհի Գալեան նշանակուած է ՀՀ արդարադատութեան նախարար. նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ստորագրած է համապատասխան հրամանագիրը։
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի. Սրբուհի Գալեանին նշանակել արդարադատութեան նախարար»,- ըսուած է հրամանագրին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Գալեան նախապէս կը զբաղեցնէր ՀՀ գլխաւոր դատախազի տեղակալի պաշտօնը եւ կը համակարգէր ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման ուղղուած գործառոյթներու ոլորտը։ Նոյեմբեր 4-էն ան ազատուած է զբաղեցուցած պաշտօնէն, երբ ՔՊ վարչութեան մէջ որոշում կայացուած է նախարարի պաշտօնին առաջադրել Գալեանի թեկնածութիւնը։