Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստան Չի Դրդեր Երեւանը Եւ Պաքուն Հապճեպ Հաշտութեան Պայմանագիր Կնքելու, Այդ Լաւ Բանի Չի Յանգեցներ. Լաւրով

Ռուսաստան Չի Դրդեր Երեւանը Եւ Պաքուն Հապճեպ Հաշտութեան Պայմանագիր Կնքելու, Այդ Լաւ Բանի Չի Յանգեցներ. Լաւրով

by MassisPost

Ռուսական կողմը Երեւանն ու Պաքուն չի դրդեր հապճեպ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու:

Այս մասին Ria.ru-ի հետ հարցազրոյցին ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Մենք կ’ողջունենք ատրպէյճանա-հայկական խաղաղութեան գործընթացի շրջանակներուն մէջ ձեռք բերուած զգալի յառաջընթացը՝ հաշուի առնելով երկար տարիներու թշնամանքը, ռազմական գործողութիւնները եւ երկու կողմերուն զոհերը: Մենք կը հասկնանք, թէ որքան դժուար է Պաքուի եւ Երեւանի համար յառաջընթացի հասնիլը»,- ըսած է ան։

Այդ ամէնը, ըստ Լաւրովի, կը պահանջէ ոչ միայն կողմերու զգալի ջանքեր՝ փոխընդունելի լուծումներ գտնելու համար, այլեւ ժամանակ։

«Այդ իսկ պատճառով, ի տարբերութիւն արեւմտեան կեղծ միջնորդներու, մենք մեր գործընկերները չենք մղեր հապճեպ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու»,- նշած է Լաւրով՝ յաւելելով, որ Ռուսաստանը շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեամբ եւ կայունութեամբ:

Լաւրովի խօսքով՝ ռուսական կողմը վստահ է, որ հապճեպ խաղաղութիւնը՝ առանց Պաքուի եւ Երեւանի դիրքորոշումներուն, ինչպէս նաեւ իրողութիւններու համակողմանի դիտարկման, որեւէ լաւ բանի չի յանգեցներ, ընդհակառակը՝ ատիկա լարուածութեան եւ հակամարտութեան հնարաւոր սրման լրացուցիչ վտանգներ կը ստեղծէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment