2022թ. մարդահամարի հիմքով վարուող բնակչութեան ընթացիկ հաշուառմամբ, ՀՀ մշտական բնակչութեան թուաքանակի ցուցանիշը 2024թ. Հոկտեմբեր 1-ի դրութեամբ կազմած է 3.067.400 մարդ, այդ շարքին քաղաքայինը՝ 1.976.000 մարդ եւ գիւղականը՝ 1.091.400 մարդ: Այս մասին civic.am-ը տեղեկացաւ Վիճակագրական Կոմիտէի՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերա-տնտեսական վիճակը 2024 թուականի Յունուար-Սեպտեմբերին» հրապարակումէն։
2024թ. Յունուար-Սեպտեմբերին կենսունակութեան գործակիցը՝ ծնածներու եւ մահացածներու յարաբերակցութիւնը, կազմած է 130.9%՝ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակաշրջանին արձանագրուած 148.7%-ի համեմատ: 2024թ. Յունուար-Սեպտեմբերին նորածիններու սեռերու յարաբերակցութեան գործակիցը կազմած է 110.1 տղայ՝ 100 աղջկայ հաշուով, 2023թ. Յունուար-Սեպտեմբերին արձանագրուած 110.5-ի համեմատ: Հաշուետու ժամանակաշրջանին ՀՀ-ի մէջ ծնած է 24.997 մարդ (մեռելածիններ՝ 340), մահացած է 19.100 մարդ, բնական յաւելաճը կազմած է 5.897 մարդ։ Մասնաւորապէս մայրաքաղաքին մէջ ծնած է 7.272, մահացած է 6.389 մարդ։
Հայաստանի մէջ 2024թ. Յունուար-Սեպտեմբերին արձանագրուած է ամուսնութեան 11.696, ամուսնալուծութեան՝ 3.422 դէպք։