Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման 3 Վճիռ Կայ. 5-րդ Ալիքի Կեղծ Պնդումները Սրբուհի Գալեանի Մասին

Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման 3 Վճիռ Կայ. 5-րդ Ալիքի Կեղծ Պնդումները Սրբուհի Գալեանի Մասին

by MassisPost

Ռոպերթ Քոչարեանի անուան հետ առնչուած 5-րդ ալիքը տեսագրութիւն մը պատրաստած է արդարադատութեան նախարարի ընտրութեան մասին։ Տեսագրութեան մէջ նախ կ’ըսուի, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այդ պաշտօնին համար ակնյայտ նախընտրութիւն ունեցած է՝ գլխաւոր դատախազի տեղակալ, ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վարչութիւնը համակարգող Սրբուհի Գալեանը։ Ապա լրագրողը ընդգծուած եւ վստահ կը յայտարարէ՝ «Փաշինեանի խմբի իշխանութեան աւելի քան 6 տարիներին ապօրինի գոյք վերադարձնելու որեւէ դատական գործ չկայ»։

Նախորդ օրն ալ Ազգային Ժողովին մէջ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանի ճեպազրոյցի ընթացքին մէկ այլ լրագրող կը հարցնէ՝ «որեւէ դատական վճիռ դեռ չկայ. ատիկա մեծ յաջողութիւ՞ն կ’որակէք»։

Այս պնդումները բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վճիռ կա՛յ. մէկի փոխարէն՝ երեք։

Անոնցմէ առաջինը կը վերաբերի Գագիկ Ծառուկեանի փեսային եւ դստեր, երկրորդը՝ Սերժ Սարգսեանի եղբօր՝ Լեօւա Սարգսեանին փոխկապակցուած անձ Գէորգ Վարդանեանին։ Երրորդը կը վերաբերի Սուրէն Գաբրիէլեանին։

Առաջին վճիռով յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան պիտի բռնագանձուի 260 միլիոն դրամ։

Երկրորդ դէպքով դատարանը վճռած է Գէորգ Վարդանեանէն յօգուտ Հայաստանի բռնագանձել մօտ 163 միլիոն 850 հազար դրամի անշարժ գոյք, 28 միլիոն 109 հազար դրամ գումար եւ երկու ընկերութիւններու մէջ մասնակցութիւն։

Երրորդ վճիռով պատասխանողէն պիտի բռնագանձուի շուրջ 350 միլիոն դրամի գոյք։

Բացի անկէ, ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման հայցերով կայացած են նաեւ հաշտութիւններ. անոնք վեց հատ են։ Անոնց հիման վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխանցուած է ընդհանուր 7 անշարժ եւ 1 շարժական գոյք, ինչպէս նաեւ շուրջ 687 միլիոն դրամ:

Տեսագրութեան մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Սրբուհի Գալեանի ունեցուածքին։

Ի դէպ, տեսագրութեան վերնագրին մէջ նշուած է՝ «գլխաւոր դատախազի միլիոնատէր տեղակալը՝ արդարադատութեան նախարար»։ Բովանդակութեան մէջ, սակայն, կը նշուի՝ Սրբուհի Գալեանը դրամային միլիոնատէր է։ Իսկ հաշուի առնելով դրամի եւ տոլարի փոխարժէքները՝ կարելի է ըսել, որ վերնագիրը կեղծ է։ Չնայած սուտ չէ՝ Սրբուհի Գալեանը իրօք դրամային միլիոնատէր է, սակայն վերնագիրը ակնյայտօրէն տոլարային միլիոնատիրոջ առնչութիւններ կը ստեղծէ, քանզի մէկ միլիոն դրամի ունեցուածքը նոյնիսկ մարդը միլիոնատէր կը դարձնէ։ Այս տրամաբանութեամբ հանրապետութեան բնակչութեան 90 եւ աւելի տոկոսը, ով ունի մէկ միլիոն դրամ եւ աւելի գումար կամ գոյք՝ միլիոնատէր է։

5-րդ ալիքը, այսպիսով, կը փորձէ ներկայ պաշտօնեաները հաւասրեցնել իր հետ փոխկապակցուած տոլարային միլիոնատէր Ռոպերթ Քոչարեանին, որուն մասին հանրութեան ընկալումը միանշանակ է։ ՀՀ քաղաքացիները յստակօրէն կը պատկերացնեն, թէ ինչ ճանապարհով Ռոպերթ Քոչարեանն ու իր ընտանիքը դիզած են իրենց ունեցուածքը։ Ի դէպ, նշենք, որ անոնք եւս ապօրինի գոյքի բռնագանձման գործով «շահառուներ են»։ Դատախազութիւնը անոնցմէ եւս կը պահանջէ բռնագանձել կուտակած ապօրինի ունեցուածքը։

Դատախազութիւնը Ռոպերթ Քոչարեանէն եւ անոր հետ փոխկապակցուած եօթը անձէ (ընտանիքի անդամներէն) յօգուտ Հայաստանի կը պահանջէ բռնագանձել 25 միաւոր անշարժ գոյք, 5 փոխադրամիջոց, մասնակցութիւն հայաստանեան եւ արտասահմանեան 16 իրաւաբանական անձի մէջ, աւելի քան 4 միլիոն ԱՄՆ տոլարի աւանդ-արժեթուղթ, շուրջ 10 միլիառ դրամին համարժէք փոխառութիւններու պահանջի իրաւունք, աւելի քան 35 միլիառ դրամ։

Ահա Քոչարեաններու պարագային լիարժէքօրէն կարելի է օգտագործել միլիոնատէր եզրոյթը՝ տոլարային, եւ՝ ոչ մէկ կամ մէկ տասնեակ։

Իսկ Սրբուհի Գալեանը 2023 թուականին յայտարարագրած է տարեկան 33 միլիոն դրամ, մէկ հողամաս եւ երկու բնակարան։

Նշենք, որ Յուլիս 29-ի դրութեամբ դատարան ներկայացուած է ապօրինի գոյքի բռնագանձման պահանջով 106 հայցադիմում։ Այս հայցադիմումներով Գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը յօգուտ Հայաստանի կը պահանջէ բռնագանձել 1150 անշարժ եւ 225 շարժական գոյք, 300 իրաւաբանական անձի մէջ մասնակցութիւն։ Բոլոր հայցադիմումներու հանրագումարային արժէքը 559 միլիառ 687 միլիոն դրամ է։ Այս գումարին մէջ ներառուած չէ իրաւաբանական անձերու մէջ մասնակցութեան, նաեւ շարք մը գոյքերու արժէքները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment