Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Հանդիպած Են Մհեր Գրիգորեանը Եւ Շահին Մուսթաֆաեւը

Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Հանդիպած Են Մհեր Գրիգորեանը Եւ Շահին Մուսթաֆաեւը

by MassisPost

2024թ. Նոյեմբեր 1-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի տասներորդ հանդիպումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ:

Ինչպէս յայտնած են ԱԳՆ-էն, հանդիպման ընթացքին, վերոնշեալ յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան մասին 2024 թուականի Օգոստոս 30-ին ստորագրուած կանոնակարգի 7-րդ յօդուածին համաձայն, կողմերը փոխանակուած են իրենց պետութիւններուն կողմէ՝ կանոնակարգի ուժի մէջ մտնելու համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերու իրականացման մասին ծանուցումներով:

Հաշուի առնելով, որ կանոնակարգի 7-րդ յօդուածով կը նախատեսուի, որ այն ուժի մէջ կը մտնէ այդպիսի ընթացակարգերը աւարտելու մասին վերջին գրաւոր ծանուցումը ստանալու օրը՝ կողմերը արձանագրած են, որ նշուած կանոնակարգը ուժի մէջ կը մտնէ 2024 թուականի Նոյեմբեր 1-ին:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են սահմանազատման աշխատանքներու հետագայ իրականացման համար սահմանագիծի հատուածներու/հատուածամասերու հերթականութեան հարցին շուրջ:

Կողմերը քննարկած են սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման կարգի վերաբերեալ համապատասխան ուղեցոյցներու նախագիծերը:

Կողմերը պայմանաւորուած են աշխատանքային կարգով համաձայնեցնել յաջորդ հանդիպման անցկացման ամսաթիւն ու վայրը:

Յանձնաժողովներու հանդիպման աւարտէն յետոյ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ առանձին քննարկած են ճանապարհային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Յիշեցնենք՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Հոկտեմբեր 25-ին վաւերացուցած են երկու երկիրներու սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան կանոնակարգը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment