Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն Արձագանգած Է Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին՝ Հայաստանի Վերաբերեալ Յայտարարութիւններուն

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն Արձագանգած Է Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին՝ Հայաստանի Վերաբերեալ Յայտարարութիւններուն

by MassisPost

Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը արձագանգած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի ըրած յայտարարութիւններուն:

«Այն, որ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը աւելի շատ կեդրոնացած է Ատրպէյճանի դէմ զրպարտչական արշաւի վրայ, քան հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն, առաջին հերթին Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան ձախողման հետեւանք է:

«Ֆրանսայի պահուածքն ու սադրանքները, որոնք ուղղուած են տարածաշրջանին մէջ սրման շարունակման, ապացուցած են այս երկրին կողմէ իրականացուող մտադրութիւններու եւ քաղաքականութեան իրական բնոյթը ե՛ւ հակամարտութեան ժամանակ, ե՛ւ յետհակամարտային ժամանակաշրջաններուն»,- ըսած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Այխան Հաճիզատէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment