Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՔՊ-ն Արդարադատութեան Նախարարի Պաշտօնին Առաջադրած Է Սրբուհի Գալեանի Թեկնածութիւնը

ՔՊ-ն Արդարադատութեան Նախարարի Պաշտօնին Առաջադրած Է Սրբուհի Գալեանի Թեկնածութիւնը

by MassisPost

Հոկտեմբեր 29-ին տեղի ունեցած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան նիստ, որ վարած է վարչութեան նախագահ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Վարչութիւնը որոշած է ՀՀ արդարադատութեան նախարարի պաշտօնին առաջադրել Սրբուհի Գալեանի թեկնածութիւնը։

Գրիգոր Մինասեանի հրաժարականէն յետոյ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը շուրջ մէկ ամիս էր՝ արդարադատութեան նախարարի փնտռտուքներու մէջ էր: «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի մէջ կը կարծէին, որ թեկնածուն պէտք է ըլլայ խումբի անդամ: Այս ընթացքին խումբէն առաջադրուած էին քանի մը հոգիի թեկնածութիւնները, սակայն վարչութիւնը մերժած էր:

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան վերջին ասուլիսի ժամանակ յայտնած էր, որ քաղաքական խումբի դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւն կայ, եւ թեկնածուն կրնայ ըլլալ ոչ-կուսակցական:

Յիշեցնենք՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը ստորագրահաւաք նախաձեռնած էր արդարադատութեան նախկին նախարար Գրիգոր Մինասեանը պաշտօնանկ ընելու համար: Մինասեան յայտնած էր, որ, այսպէս ըսած, կը միանայ իր պաշտօնավարման դէմ ստորագրահաւաքին եւ կը թողէ նախարարի պաշտօնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment