ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր, 2024-ը պատմական օր մը եղաւ Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար։
Արդարեւ այդ օր, հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի՝ Առաջնորդ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի, եւ յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, տեղի ունեցաւ Մուշեկեան Ընտանիքի Տաղաւարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան։
Նորակերտ Տաղաւարի բարերար Մուշեկեան ընտանիքը կը բաղկանայ երկու եղբայրներու ընտանիքներէն, Թամի եւ Ռիչըրտ։ Յառաջացած տարիքին բերումով, երէց եղբայրը Թամին՝ չէր կրցած ներկայ գտնուիլ հանդիսութեան։ Սակայն Ռիչըրտ Մուշեկեանը ներկայ էր իր տիկնոջ Լօրային, զաւակներուն եւ թոռներուն հետ։
Իսկ ո՞վ է Ռիչըրտ Մուշեկեանը։ Ան գործատէր դարձած փաստաբան մըն է որ իր իրաւաբանական ուսումը ստացած է Գալիֆորնիոյ Սան Ֆրանսիսքոյի մօտ՝ Պըրքլի համալսարանէն։ Ան երկար տարիներ եղած է հաւատաւոր անդամ՝ Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցոյ եւ առ այդ, կամաւոր կերպով ծառայած է եկեղեցւոյ զանազան կազմակերպութիւններուն մէջ։
Այդ օր՝ պատարագիչն էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Յովնան արք. Տէրտէրեանը։ Իր քարոզին մէջ՝ Սրբազան հայրը վեր առաւ Բարերար Ռիչըրտ Մուշեկեանի արժանիքները որպէս մարդ եւ յատկապէս՝ որպէս հաւատարիմ Քրոստոնեայ եւ առ այդ, նուիրեալ անդամ Փասատինայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։
Սրբազան հայրը ապա դիտել տուաւ որ ան՝ առաջին անգամ ըլլալով ծանօթացած էր Ռիչըրտ Մուշեկեանին Էջմիածնի մէջ, 1999 թուականին։ Անոնք գացած էին մասնակցելու Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան։ Սրբազան հայրը Թեմակալ Առաջնորդն էր Գանատայի հայոց, իսկ Ռիչըրտ Մուշեկեանը կը ներկայացնէր Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմական Խորհուրդը։
Սուրբ պատարագէն ետք, պատարագիչ Սրբազան հայրը՝ շրջապատուած Տէր Սարգիս եւ Տէր Մուշեղ քահանայ հայրերէն, ինչպէս նաեւ Մուշեկեան ընտանիքի անդամներէն, հանդիսաւոր թափօրով՝ առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, ուղուեցան դէպի Մուշեկեան ընտանիքի Տաղաւարը։
Տաղաւարի մուտքին՝ տունօրհնէքի հոգեպարար արարողութենէն ետք, Սրբազան հայրն ու Մուշեկեան ընտանիքի անդամները՝ ժապավէնը կտրելով մտան ներս, որոնց հետեւեցան եկեղեցիէն դուրս եկած հաւատարիմներու բազմութիւնը։
Տաղաւարին մէջ՝ տեղի ունեցաւ հակիրճ յայտագիր մը, հանդիսավարութեամբ եկեղեցւոյ նախկին Ատենապետներէն՝ Տքթ. Գուրգեն Մաթոսեանի։
Տքթ. Մաթոսեան նախ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ապա նշեց որ Տաղաւարի ճարտարապետը եղած է նորոգ հանգուցեալ Սէմ Եուսուֆեանը։ Հուսկ ապա ան ամփոփ կերպով ներկայացուց բարերար Ռիչըրտ Մուշեկեանը, շեշտը դնելով այն կարեւոր կէտին վրայ որ Պրն. Մուշեկեանը 25 տարի շարունակ ծառայած է եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան դպրոցի հոգաբարձութեան մէջ՝ որպէս Ատենապետ։
Առաւել՝ շարունակեց Տքթ. Մաթոսեան, Պրն. Մուշեկեանը եղած է Ատենապետը Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմական Խորհուրդին։ Ինչպէս նաեւ ծառայած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին մէջ՝ որպէս Ատենապետ, երկար տարիներ։
Իսկ ես պիտի աւելցնեմ որ Պրն. Մուշեկեանը եղած է նաեւ Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Վարչական կազմին մէջ, ներկայացնելով Արեւմտեան Ափը։ Պատիւ՝ արժանաւորոյն։
Հուսկ ապա Տքթ. Մաթոսեան հրաւիրեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեցեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Սարգիս Նազիրեանը, որ ներկայացնէ իր սրտի խօսքը։ Ան՝ բարձր գնահատեց Ռիչըրտ Մուշեկեանի արժանիքները եւ եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին կողմէ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Մուշեկեան ընտանիքին, իրենց իշխանական նուրիատուութեան համար։
Իսկապէս տպաւորիչ էր Յովսէփեան դպրոցի աշակերտներուն ներկայացուցած երկու երգերը։ Անոնք ապրումով երգեցին Բարսեղ Կանաչեանի “Բամ, Փորոտան”ն ու Կոմիտասի “Շողեր Ջան”ը։
Իր սրտի խօսքով, Բարերար Ռիչըրտ Մուշեկեանը՝ որ սակաւախօս է, հետեւեալ ձեւով արտայայտուեցաւ։ “Շնորհակալ եմ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն որ ինծի առիթը ընծայեց ծառայելու իմ գաղութիս։ Շնորհակալ եմ նաեւ որ զիս մեծապէս պատուեցիք այսօր։”
Իր փակման խօսքով՝ Առաջնորդ Սրբզան հայրը խտացուց բոլոր ըսուածները նշելով որ Բարերար Ռիչըրտ Մուշեկեանը արդարացիօրէն շահած էր Արեւմտեան Թեմի յարգանքն ու սէրը։
Հուսկ ապա Սրբազան հայրն ու բարերար ընտանիքի անդամները հատեցին յատկանշական կարկանդակն ու ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ Կիրակոս սրահ, ուր ճաշի սպասարկութիւնը տեղի ունեցաւ, ուրախ ու զուարթ մթնոլորտի մէջ։ Վարձքը կատար՝ կազմակերկիչ յանձնախումբի բոլոր անդամներուն։