Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Յարգանքի Տուրք Մատուցած է «Հոկտեմբեր 27»-ի Ոճրագործութեան Զոհերու Յիշատակին

ՀՀ Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Յարգանքի Տուրք Մատուցած է «Հոկտեմբեր 27»-ի Ոճրագործութեան Զոհերու Յիշատակին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ ծաղիկներ խոնարհած է ԱԺ այգիին մէջ կանգնեցուած յուշակոթողին մօտ եւ յարգանքի տուրք մատուցած՝ 1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան զոհ դարձած պետական եւ քաղաքական գործիչներու յիշատակին:

1999 թուականին Նաիրի Յունանեանի յանցախումբը, ներխուժելով Ազգային Ժողով, սպաննեց խորհրդարանի խօսնակ Կարէն Դեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, խորհրդարանի փոխնախագահներ Եուրի Բախշեանն ու Ռուբէն Միրոյեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Միքայէլ Քոթանեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ նախարար Լէոնարտ Պետրոսեանը, եւս 8 հոգի վիրաւորուեցան։

2003 թուականի Դեկտեմբերին դատարանը Յունանեանը եւ անոր յանցախումբի հինգ անդամները դատապարտեց ցմահ բանտարկութեան, յանցախումբի եւս մէկ անդամ դատապարտուեցաւ 14 տարուայ բանտարկութեան:

Ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Վռամ Գալստեանը հետագային ինքնասպանութիւն գործեց, իսկ 14 տարուայ բանտարկութեան դատապարտուած Համլետ Ստեփանեանը յանկարծամահ եղաւ։

«Նուպարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ այս ամառ մահացաւ գործով ցմահ դատապարտեալ Աշոտ Կնյազեանը։

Զոհերու հարազատները կը պնդեն, որ բացայայտուած չեն Հոկտեմբեր 27-ի պատուիրատուները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment